< 路加福音 3 >

1 现在是提庇留国王已执政的第十五年,本丢·彼拉多担任犹太总督,希律成为加利利的君王,他的兄弟腓力担任土利亚和特拉可尼地区的君王,吕撒尼亚则是亚比利尼的君王。
Տիբերիոս կայսրին գահակալութեան տասնհինգերորդ տարին, երբ Պոնտացի Պիղատոս Հրէաստանի վրայ կառավարիչ էր, Հերովդէս՝ Գալիլեայի վրայ չորրորդապետ, անոր եղբայրը՝ Փիլիպպոս՝ Իտուրայի ու Տրաքոնացիներու երկրին վրայ չորրորդապետ, եւ Լիւսանիաս՝ Աբիլենէի վրայ չորրորդապետ,
2 亚那和该亚法担任大祭司。撒迦利亚的儿子约翰在这段时间仍生活在荒野中,由于听到了上帝的讯息,
Աննայի ու Կայիափայի քահանայապետութեան ատեն՝ Աստուած խօսեցաւ՝՝ Զաքարիայի որդիին՝ Յովհաննէսի, անապատին մէջ:
3 他跑遍了整个约旦地区,向所有人宣告:他们需要进行洗礼,证明他们已经悔改,他们的罪才能被宽恕。
Ան ալ եկաւ Յորդանանի շրջակայքը եւ ապաշխարութեան մկրտութիւն կը քարոզէր՝ մեղքերու ներումին համար,
4 正如以赛亚先知所写:“在荒野中有一个声音在呼喊:‘预备主的道,修直他的路!
ինչպէս գրուած է Եսայի մարգարէին խօսքերուն գիրքին մէջ. «Անապատին մէջ գոչողին ձայնը. “Պատրաստեցէ՛ք Տէրոջ ճամբան, շտկեցէ՛ք անոր շաւիղները:
5 所有山谷都将填满,所有山峦丘陵都将成为平地!弯曲之路变得笔直,坑洼之地恢复平坦!
Ամէն ձոր պիտի լեցուի, եւ ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ. ծուռը պիտի շտկուի, խորտուբորտ տեղերը պիտի ըլլան հարթ ճամբաներ,
6 所有人都将见到上帝的救赎。’”
եւ ամէն մարմին պիտի տեսնէ Աստուծոյ փրկութիւնը”»:
7 面对前来接受施洗的民众,约翰问到:“你们是毒蛇之子,谁允许你们逃离即将到来的审判?
Իրմէ մկրտուելու եկող բազմութեան ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի՝ խուսափիլ գալիք բարկութենէն:
8 你们要拿出行动,证明真心悔改。不要心中暗自产生傲慢的想法:‘我们是亚伯拉罕的后代。’告诉你们,上帝用这些石头就可以创造亚伯拉罕的后裔。
Ուրեմն ապաշխարութեան արժանավայել պտո՛ւղ բերէք, եւ մի՛ սկսիք ձեր մէջ ըսել. “Մենք Աբրահա՛մը ունինք իբր հայր”. քանի որ կը յայտարարեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէ՛ն հանել Աբրահամի զաւակներ:
9 砍下树根的斧子已经准备好,所有结不出好果子的树,都会被砍倒丢入火中。”
Կացինը արդէն իսկ դրուած է ծառերու արմատին քով. ուրեմն ամէն ծառ՝ որ լաւ պտուղ չի բերեր, պիտի կտրուի ու կրակը նետուի»:
10 民众问他:“那么我们该做什么呢?”
Բազմութիւնները հարցուցին իրեն. «Ուրեմն ի՞նչ ընենք»:
11 他回答:“如果你有两件衣服,就要分给没有衣服之人。如果你有食物,就要分给没有食物之人。”
Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Ո՛վ որ երկու բաճկոն ունի՝ մէկը թող տայ չունեցողին, եւ ո՛վ որ կերակուր ունի՝ նոյնպէս ընէ»:
12 有税吏前来受洗,问他:“老师,我们该做些什么?”
Մաքսաւորներ ալ եկան մկրտուելու, եւ ըսին անոր. «Վարդապե՛տ, մե՞նք ինչ ընենք»:
13 他说:“不可收取超过规定的税款。”
Ան ալ ըսաւ անոնց. «Մի՛ պահանջէք աւելի՝ քան ինչ որ ձեզի պատուիրուած է»:
14 士兵也问他:“我们呢,我们又该怎么做?”他回答:“不要恐吓,不要敲诈,不要做出不实指控,要对自己的酬劳感到满意。”
Զինուորներն ալ կը հարցնէին անոր. «Մե՞նք ինչ ընենք»: Ըսաւ անոնց. «Ո՛չ մէկը հարստահարեցէք, ո՛չ մէկը զրպարտեցէք, հապա բաւարարուեցէ՛ք ձեր թոշակով»:
15 众人充满期盼地等待着,心里暗自猜测,约翰会不会就是基督。
Քանի ժողովուրդը ակնկալութեան մէջ էր, եւ բոլորը կը մտածէին իրենց սիրտին մէջ Յովհաննէսի մասին, թէ արդեօք ի՛նք է Քրիստոսը,
16 约翰回答了众人的问题。他解释道:“是的,我是用水为你们施洗。但在我之后,还会出现一位能力比我更强大之人,我甚至连给他提鞋的资格都没有,他将用圣灵和火为你们施洗。
Յովհաննէս պատասխանեց բոլորին. «Արդարեւ ես կը մկրտեմ ձեզ ջուրով, բայց ինձմէ աւելի հզօրը կու գայ, որուն կօշիկներուն կապերը քակելու արժանի չեմ. անիկա՛ պիտի մկրտէ ձեզ Սուրբ Հոգիով ու կրակով:
17 他手里拿着谷叉,准备把打谷场的麦子和谷壳分开。然后把麦子放入他的谷仓,再用不灭之火把谷壳烧尽。”
Անոր հեծանոցը իր ձեռքն է. իր կալը պիտի մաքրէ եւ ցորենը պիտի ժողվէ իր ամբարը, իսկ յարդը պիտի այրէ անշէջ կրակով»:
18 他在向众人传播福音之时,还提出了很多这样的警告。
Ուրիշ շատ բաներ ալ կ՚աւետէր՝ ժողովուրդը յորդորելով:
19 君王希律因为娶了弟媳希罗底,加之曾做过的其他恶行,因此受到了约翰的谴责。
Բայց Հերովդէս չորրորդապետը, կշտամբուելով անկէ իր եղբօր կնոջ՝ Հերովդիայի համար, նաեւ բոլոր չարիքներուն համար՝ որ Հերովդէս ըրած էր,
20 希律将这些所谓罪行累计起来,将约翰关进了监牢。
սա՛ ալ աւելցուց այդ բոլորին վրայ.- բանտարկեց Յովհաննէսը:
21 但在此前,众人已受洗,耶稣也受了洗。耶稣在祷告的时候,天空忽然打开,
Ամբողջ ժողովուրդը մկրտուեցաւ. Յիսուս ալ մկրտուեցաւ, ու երբ կ՚աղօթէր՝ երկինքը բացուեցաւ,
22 他看见圣灵如鸽子般降落在他身上。有声音从天上来,说:“这是我所爱之子,他让我感到喜悦。”
եւ Սուրբ Հոգին իջաւ անոր վրայ մարմնաւոր երեւոյթով՝ աղաւնիի պէս, ու ձայն մը եկաւ երկինքէն՝ որ կ՚ըսէր. «Դո՛ւն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի՛ հաճեցայ»:
23 耶稣在 30 岁左右开始其服事,人们都知道他是约瑟之子,约瑟是希里之子,
Եւ ինք՝ Յիսուս՝ սկսած էր գրեթէ երեսուն տարեկան ըլլալ: (Ինչպէս կը կարծուէր՝) ան որդին էր Յովսէփի, որ Հեղիի, որ Մատաթի,
24 他的家谱依次往上推,父辈分别为玛塔、利未、麦基、雅拿、约瑟、
որ Ղեւիի, որ Մեղքիի, որ Յաննէի, որ Յովսէփի,
25 玛他提亚、亚摩斯、拿鸿、以斯利、拿该、
որ Մատաթիայի, որ Ամովսի, որ Նաւումի, որ Եսղիի, որ Նանգէի,
26 玛押、玛他提亚、西美、约瑟、约大、
որ Մաաթի, որ Մատաթիայի, որ Սեմէիի, որ Յովսէփի, որ Յուդայի,
27 约哈难、利撒、所罗巴伯、撒拉铁、尼利、
որ Յովհաննայի, որ Րեսայի, որ Զօրաբաբէլի, որ Սաղաթիէլի, որ Ներիի,
28 麦基、亚底、哥桑、以摩当、珥、
որ Մեղքիի, որ Ադդիի, որ Կովսամի, որ Եղմովդադի, որ Էրի,
29 耶书、以利以谢、约令、玛塔、利未、
որ Յովսէսի, որ Եղիազարի, որ Յովրիմի, որ Մատաթի, որ Ղեւիի,
30 西缅、犹大、约瑟、约南、以利亚敬、
որ Սիմէոնի, որ Յուդայի, որ Յովսէփի, որ Յովնանի, որ Եղիակիմի,
31 米利亚、买拿、马达他、拿单、大卫、
որ Մելեայի, որ Մայնանի, որ Մատաթայի, որ Նաթանի, որ Դաւիթի,
32 耶西、俄备得、波阿斯、撒门、拿顺、
որ Յեսսէի, որ Ովբէթի, որ Բոոսի, որ Սաղմոնի, որ Նաասոնի,
33 亚米拿达、亚兰、希斯仑、法勒斯、犹大、
որ Ամինադաբի, որ Արամի, որ Եսրոնի, որ Փարէսի, որ Յուդայի,
34 雅各、以撒、亚伯拉罕、他拉、拿鹤、
որ Յակոբի, որ Իսահակի, որ Աբրահամի, որ Թարայի, որ Նաքովրի,
35 西鹿、拉吴、法勒、希伯、沙拉、
որ Սերուգի, որ Ռագաւի, որ Փաղէկի, որ Եբերի, որ Սաղայի,
36 该南、亚法撒、闪、挪亚、拉麦、
որ Կայնանի, որ Արփաքսադի, որ Սէմի, որ Նոյի, որ Ղամէքի,
37 玛土撒拉、以诺、雅列、玛勒列、该南、
որ Մաթուսաղայի, որ Ենովքի, որ Յարեդի, որ Մաղաղիէլի, որ Կայնանի,
38 以挪士、塞特以及上帝之子亚当。
որ Ենովսի, որ Սէթի, որ Ադամի, որ Աստուծոյ որդին էր:

< 路加福音 3 >