< 路加福音 21 >

1 耶稣环顾四周,看见有钱人把捐赠投入奉献箱。
Մինչ կը նայէր, տեսաւ հարուստները՝ որ գանձանակը կը ձգէին իրենց ընծաները:
2 他又看见一个穷寡妇,在里面投入两个小钱。
Տնանկ այրի մըն ալ տեսաւ, որ երկու լումայ ձգեց հոն:
3 于是耶稣说:“实话告诉你们,穷寡妇所投入的要比其他所有人加一起还要多。
Ուստի ըսաւ. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ այս աղքատ այրին՝ բոլորէն աւելի ձգեց.
4 因为其他人只是自己财富的一部分投进去,这寡妇虽然很穷,却献出了赖以为生的所有金钱。”
որովհետեւ անոնք իրենց առատութենէն ձգեցին Աստուծոյ ընծաներուն մէջ, բայց ասիկա ձգեց իր կարօտութենէն՝ իր ամբողջ ունեցած ապրուստը»:
5 那里有人在讨论神庙以及它精美的石艺和供物装饰。但耶稣说:
Երբ ոմանք կ՚ըսէին տաճարին մասին թէ “զարդարուած է գեղեցիկ քարերով ու նուէրներով”,
6 “你们看见的这些......在那一刻到来之时,所有垒砌的石头都会倒塌,一切都会被摧毁。”
ըսաւ. «Ասոնք որ կը տեսնէք, օրերը պիտի գան, երբ քար քարի վրայ պիտի չմնայ. ամէնը պիտի քակուի»:
7 他们问他:“老师,这会在什么时候发生?发生的时候会有什么预兆?”
Հարցուցին իրեն. «Վարդապե՛տ, ե՞րբ պիտի ըլլայ ատիկա, եւ ի՞նչ է նշանը՝ թէ այդ բաները պիտի ըլլան»:
8 耶稣提醒他们说:“你们要小心,不要被人迷惑。因为会有很多人来假冒我的名,说‘我就是基督!’,还会说‘时候到了!’但不要跟随这些人。
Ան ալ ըսաւ. «Զգուշացէ՛ք որ չմոլորիք. որովհետեւ շատե՜ր պիտի գան իմ անունովս՝ ըսելով. “Ե՛ս եմ Քրիստոսը, ու ժամանակը մօտեցած է”. ուրեմն մի՛ երթաք անոնց ետեւէն:
9 当你们听到战乱和暴动,不要惊慌,因为这样的事情一定会先出现,但不会马上看到结局。”
Բայց երբ լսէք պատերազմներու եւ խառնակութիւններու մասին՝ մի՛ սարսափիք, որովհետեւ պէտք է որ նախ այդ բաները ըլլան, բայց վախճանը իսկոյն չէ»:
10 耶稣对他们说:“民族之间要有战争,国家之间要有战争。
Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ազգ ազգի դէմ պիտի ելլէ, եւ թագաւորութիւն՝ թագաւորութեան դէմ.
11 到时候会有剧烈的大地震,处处是饥荒和瘟疫,天空显现可怕的恐怖预兆。
տեղ-տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան, սովեր ու ժանտախտներ. նաեւ երկինքէն սոսկալի բաներ եւ մեծ նշաններ պիտի ըլլան:
12 但在这一切发生之前,他们会抓住你们,迫害你们,把你们拖到会堂前,扔进监狱里,甚至会押到国王和总督面前。
Բայց այս բաներէն առաջ՝ իրենց ձեռքերը պիտի բարձրացնեն ձեր վրայ ու հալածեն ձեզ. ժողովարաններու եւ բանտերու պիտի մատնեն, ու թագաւորներու եւ կառավարիչներու առջեւ պիտի տարուիք՝ իմ անունիս համար:
13 但这会为你们提供一个机会,在他们面前代表我发言。
Եւ ասիկա վկայութեան առիթի պիտի յանգի ձեզի համար:
14 所以,你们要提前坚定决心,不必提前思量如何进行自我辩护。
Ուրեմն որոշեցէ՛ք որ նախապէս չմտածէք՝ թէ ի՛նչպէս պիտի պաշտպանէք դուք ձեզ:
15 因为我会让你们说出睿智之语,让所有的敌人都不能辩论或反驳。
Որովհետեւ ես ձեզի բերան ու իմաստութիւն պիտի տամ, որուն պիտի չկարենան ընդդիմախօսել կամ դիմադրել ձեր բոլոր հակառակորդները:
16 你们将会被父母、兄弟、亲戚和朋友出卖,你们中有的人会被他们害死。
Պիտի մատնուիք ծնողներէ, եղբայրներէ, ազգականներէ եւ բարեկամներէ, ու ձեզմէ ոմանք պիտի մեռցուին:
17 因为我,你们会被众人恨恶,
Բոլորին ատելի պիտի ըլլաք իմ անունիս համար.
18 但你们却可以毫发无伤。
բայց մա՛զ մը պիտի չկորսուի ձեր գլուխէն:
19 只要坚定自己的立场,就会获得自己的生命。
Ձեր համբերութեամբ պիտի տիրանաք ձեր անձերուն»:
20 但是,当你们看见耶路撒冷被军队团团围住,就知道它距离摧毁的日子已经不远了。
«Երբ տեսնէք Երուսաղէմը՝ չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, ա՛յն ատեն գիտցէք թէ մօտ է անոր աւերումը:
21 住在犹太的必须逃到山上;住在城里的必须离开;住在乡下的不要进城。
Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռնե՛րը թող փախչին, եւ անոր մէջ եղողները թող հեռանան, ու անոնք որ արտերն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ.
22 因为这是惩罚的日子,经书上所写的一切都会变成现实。
որովհետեւ այդ օրերը՝ վրէժխնդրութեան օրեր են, որպէսզի իրագործուին բոլոր գրուածները:
23 到那时,怀孕和哺乳婴儿的女人将会很艰难!因为可怕的灾难将降临这片土地,众人都将被惩罚。
Բայց վա՜յ այդ օրերը յղի եղողներուն եւ ծիծ տուողներուն, որովհետեւ մեծ հարկադրանք պիտի ըլլայ երկրի վրայ, ու բարկութիւն պիտի գայ այս ժողովուրդին վրայ:
24 他们将被刀屠杀,俘虏到各国并被投入监狱,耶路撒冷必被异教徒践踏,直到异教徒占领的时间结束。
Եւ սուրի բերանով պիտի իյնան, բոլոր ազգերուն մէջ գերի պիտի տարուին, ու Երուսաղէմը հեթանոսներուն ոտքի կոխան պիտի ըլլայ՝ մինչեւ որ լրանան հեթանոսներուն ժամանակները»:
25 日月星辰都会有预兆,世界的国家会因海洋的波涛汹涌而陷入苦难。
«Եւ արեւին, լուսինին ու աստղերուն վրայ նշաններ պիտի ըլլան, երկրի վրայ՝ ազգերը վարանումով պիտի կսկծին, եւ ծովն ու ալիքները պիտի գոռան:
26 天上的力量震撼世界,这个世界即将发生的事情让人们陷入恐惧,这恐惧会让人虚弱。
Մարդոց սիրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ երկրագունդին վրայ եկող բաներուն սպասելէն, որովհետեւ երկինքի զօրութիւնները պիտի սարսին:
27 到那时,他们会看见人子携力量和伟大荣耀,驾云降临。
Այն ատեն պիտի տեսնեն մարդու Որդին ամպի մէջ եկած՝ զօրութեամբ ու մեծ փառքով:
28 在发生这一切的时候,你们应当昂首挺立向上看,因为你们很快就会被救赎。”
Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէ՛ք եւ վերցուցէ՛ք ձեր գլուխը, որովհետեւ ձեր ազատագրութիւնը կը մօտենայ»:
29 然后耶稣举例讲了一个故事:“看看这无花果树或其他的树木。
Առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Տեսէ՛ք թզենին ու բոլոր ծառերը:
30 看到它们发芽,你就知道夏天将至。
Երբ արդէն բողբոջին, տեսնելով դուք ձեզմէ կը գիտնաք թէ արդէն ամառը մօտ է:
31 同样,当你们看到这些事情发生,无需别人告诉你,就知道上帝之国已近。
Նոյնպէս դուք՝ երբ եղած տեսնէք ասոնք, գիտցէ՛ք թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է:
32 我告诉你们真相,这一代人在有生之年定会看到这一切。
Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Այս սերունդը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս բոլոր բաները ըլլան”:
33 天地都将走向终结,但我的教诲不会消失。
Երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնա՛ւ պիտի չանցնին»:
34 小心,不要因各种派对、贪图美酒和生活困苦分散了你的注意力,因为那一天会突然降临,
«Ուշադի՛ր եղէք դուք ձեզի, որպէսզի ձեր սիրտերը չծանրանան կերուխումով, արբեցութեամբ եւ այս կեանքին հոգերով, ու այդ օրը անակնկալօրէն չհասնի ձեր վրայ.
35 那一天会波及地球上的所有人。
որովհետեւ վարմի մը պէս պիտի հասնի ամբողջ երկրի բոլոր բնակիչներուն վրայ:
36 你们要时刻警醒和祈祷,这样才有可能逃离这将要发生的事情,才可以站在人子面前。”
Ուրեմն հսկեցէ՛ք եւ ամէ՛ն ատեն աղերսեցէք, որպէսզի արժանանաք զերծ մնալու այս բոլորէն՝ որոնք պիտի ըլլան, ու կայնելու մարդու Որդիին առջեւ»:
37 耶稣每天都在白天到殿里教导,晚上到橄榄山中过夜。
Յիսուս ցերեկները կը սորվեցնէր տաճարին մէջ. իսկ գիշերները՝ դուրս կ՚ելլէր ու կը կենար Ձիթենիներու կոչուած լեռը:
38 群众清早起来上神庙,到他那里听他讲道。
Ամբողջ ժողովուրդը առտուն կանուխ կ՚երթար իրեն՝ տաճարին մէջ լսելու իր խօսքերը:

< 路加福音 21 >