< ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4 >

1 Ասկէ ետք՝ նայեցայ, եւ ահա՛ դուռ մը բացուած էր երկինքի մէջ, ու ինծի հետ խօսող առաջին ձայնը - փողի մը պէս - որ լսած էի՝ ըսաւ. «Հո՛ս բարձրացիր, եւ ցոյց պիտի տամ քեզի ինչ որ պէտք է ըլլայ ասկէ ետք»:
这之后,我看到天上开了一道门,然后我听到了之前曾听到的声音,那号角一般的声音,对我说:“到这里来,我要把以后将发生的事指示你。”
2 Իսկոյն լեցուեցայ Հոգիով, եւ ահա՛ գահ մը դրուած էր երկինքի մէջ, ու մէկը բազմած էր գահին վրայ:
我立刻被注满灵,然后看到天上有一个宝座,有人坐在宝座上。
3 Բազմողին տեսքը նման էր յասպիս եւ սարդիոն քարերու, ու գահին շուրջը կար ծիածան մը՝ տեսքով զմրուխտի նման:
王座上的人仿佛宝石,就像碧玉和红宝石,又有彩虹围绕着宝座,闪耀如绿宝石。
4 Գահին շուրջը կային քսանչորս գահեր, եւ այդ գահերուն վրայ բազմած էին՝՝ քսանչորս երէցներ. ճերմակ հանդերձներ հագած էին, ու ոսկիէ պսակներ ունէին իրենց գլուխին վրայ:
宝座周围另有二十四个王座,上面坐着二十四位长老,身穿白衣,头戴金冠。
5 Գահէն կ՚ելլէին փայլակներ, ձայներ եւ որոտումներ, ու գահին առջեւ կային եօթը հրավառ ջահեր, որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն են:
从这些宝座发出闪电和惊雷;又有七枝火炬在宝座前点着,这就是上帝的七灵。
6 Գահին առջեւ կար ապակեղէն ծով մը՝ բիւրեղի նման, իսկ գահին մէջտեղը եւ գահին շուրջը կային չորս էակներ, աչքերով լեցուն՝ առջեւէն ու ետեւէն:
在一个宝座前,伸出一片如水晶般清透的玻璃海。在宝座中间和周围有四个活物,前后长满了眼睛。
7 Առաջին էակը նման էր առիւծի, երկրորդ էակը նման էր զուարակի, երրորդ էակը ունէր մարդու երեւոյթ, իսկ չորրորդ էակը նման էր թռչող արծիւի:
第一个活物看起来像狮子,第二个像牛犊,第三个有着人脸,第四个像飞鹰。
8 Չորս էակներէն ամէն մէկը վեց թեւ ունէր շուրջը, եւ ներսէն լեցուն էր աչքերով: Անոնք առանց հանգստանալու՝ ցերեկ ու գիշեր կ՚ըսէին. «Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ է Տէրը, Ամենակալ Աստուածը, որ էր, որ է եւ որ պիտի գայ»:
四个活物各长着六个翅膀,身上布满了眼睛。他们日夜不停地说:“圣哉!圣哉!神圣的全能主上帝,过去、现在和以后到来。”
9 Երբ այդ էակները փառք ու պատիւ կու տային եւ շնորհակալ կ՚ըլլային գահին վրայ բազմողէն, որ դարէ դար՝՝ կ՚ապրի, (aiōn g165)
每当四个活物将荣耀、尊贵和感谢献给宝座上永生那位, (aiōn g165)
10 քսանչորս երէցները կ՚իյնային գահին վրայ բազմողին առջեւ ու կ՚երկրպագէին անոր՝ որ դարէ դար կ՚ապրի, եւ իրենց պսակները կը ձգէին գահին առջեւ՝ ըսելով. (aiōn g165)
二十四位长老便俯伏在宝座上那位面前,他们敬拜那永生的人,把他们的冠冕扔在宝座前,说: (aiōn g165)
11 «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք, պատիւ ու զօրութիւն ընդունելու, որովհետեւ դո՛ւն ստեղծեցիր բոլոր բաները. քո՛ւ կամքովդ անոնք գոյութիւն ունին եւ ստեղծուեցան»:
“我们的主,我们的上帝,你值得获得荣耀、尊贵和权力,因为你创造了万物,你让万物得以存在。”

< ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4 >