< ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 8 >

1 Ահա՛ւասիկ մեր ըսած խօսքերուն գլխաւորը.- մենք ունինք այնպիսի քահանայապետ մը, որ բազմած է երկինքը՝ Աստուծոյ մեծափառութեան գահին աջ կողմը,
我们所讲的事,其中第一要紧的,就是我们有这样的大祭司,已经坐在天上至大者宝座的右边,
2 իբր պաշտօնեայ սրբարանին ու ճշմարիտ խորանին՝ որ Տէ՛րը կանգնեց, եւ ո՛չ թէ մարդը:
在圣所,就是真帐幕里,作执事;这帐幕是主所支的,不是人所支的。
3 Քանի որ ամէն քահանայապետ նշանակուած է ընծաներ ու զոհեր մատուցանելու համար, հարկ էր որ ասիկա՛ ալ ունենար մատուցանելիք բան մը:
凡大祭司都是为献礼物和祭物设立的,所以这位大祭司也必须有所献的。
4 Ան քահանայ անգամ պիտի չըլլար՝ եթէ երկրի վրայ ըլլար, որովհետեւ կա՛ն քահանաներ՝ որ ընծաներ կը մատուցանեն Օրէնքին համաձայն:
他若在地上,必不得为祭司,因为已经有照律法献礼物的祭司。
5 (Անոնք պաշտամունք կը կատարեն երկնային բաներուն օրինակով եւ շուքով, ինչպէս Աստուած պատգամ տուաւ Մովսէսի՝ երբ պիտի շինէր խորանը, քանի որ ըսաւ. «Տե՛ս, որպէսզի ամէն բան ընես լեռը քեզի ցոյց տրուած տիպարին համաձայն»: )
他们供奉的事本是天上事的形状和影像,正如摩西将要造帐幕的时候,蒙 神警戒他,说:“你要谨慎,作各样的物件都要照着在山上指示你的样式。”
6 Իսկ հիմա Յիսուս հասաւ գերազանց պաշտօնի մը, քանի որ միջնորդ է լաւագոյն ուխտի մը՝ որ օրինադրուած է լաւագոյն խոստումներու վրայ:
如今耶稣所得的职任是更美的,正如他作更美之约的中保;这约原是凭更美之应许立的。
7 Արդարեւ եթէ առաջինը անմեղադրելի ըլլար, բնա՛ւ տեղ չէր փնտռուեր երկրորդին համար:
那前约若没有瑕疵,就无处寻求后约了。
8 Որովհետեւ կ՚ըսէ՝ մեղադրելով զանոնք. «Ահա՛ կու գան օրերը, - կ՚ըսէ Տէրը, - երբ նոր ուխտ մը պիտի կնքեմ Իսրայէլի տան հետ ու Յուդայի տան հետ:
所以主指责他的百姓说: 日子将到, 我要与以色列家和犹大家另立新约,
9 Սակայն ո՛չ այն ուխտին պէս՝ որ կնքեցի անոնց հայրերուն հետ, այն օրը երբ բռնեցի անոնց ձեռքէն՝ Եգիպտոսի երկրէն հանելու համար զանոնք. քանի անոնք չյարատեւեցին իմ ուխտիս մէջ, ես ալ անհոգ եղայ անոնց հանդէպ, - կ՚ըսէ Տէրը: -
不像我拉着他们祖宗的手, 领他们出埃及的时候, 与他们所立的约。 因为他们不恒心守我的约, 我也不理他们。 这是主说的。
10 Արդարեւ սա՛ է այն ուխտը՝ որ պիտի հաստատեմ Իսրայէլի տան հետ այդ օրերէն ետք, - կ՚ըսէ Տէրը.- իմ օրէնքներս պիտի դնեմ անոնց միտքին մէջ, զանոնք պիտի գրեմ անոնց սիրտին վրայ, ու ես պիտի ըլլամ անոնց Աստուածը, անոնք ալ պիտի ըլլան իմ ժողովուրդս:
主又说: 那些日子以后, 我与以色列家所立的约乃是这样: 我要将我的律法放在他们里面, 写在他们心上; 我要作他们的 神; 他们要作我的子民。
11 Ա՛լ իւրաքանչիւրը պիտի չսորվեցնէ իր ընկերին, ո՛չ ալ իւրաքանչիւրը իր եղբօր՝ ըսելով. “Ճանչցի՛ր Տէրը”, քանի որ անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը՝ պիտի ճանչնան զիս.
他们不用各人教导自己的乡邻和自己的弟兄, 说:你该认识主; 因为他们从最小的到至大的,都必认识我。
12 արդարեւ ես պիտի քաւեմ անոնց անիրաւութիւնները, եւ ա՛լ պիտի չյիշեմ անոնց մեղքերն ու անօրէնութիւնները»:
我要宽恕他们的不义, 不再记念他们的罪愆。
13 “Նոր ուխտ” կոչելով՝ հինցուց առաջինը. իսկ ի՛նչ որ կը հիննայ եւ կը ծերանայ՝ մօտ է աներեւութանալու:
既说新约,就以前约为旧了;但那渐旧渐衰的,就必快归无有了。

< ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 8 >