< ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1 >
1 Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ Աստուծոյ կամքով, կեանքի խոստումին համաձայն՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է,
本信函来自保罗,是上帝所选、耶稣基督的使徒。这封信函是为了讲述在基督耶稣的真正生命中所讲述的承诺。
2 Տիմոթէոսի՝ սիրելի զաւակիս. շնորհք, ողորմութիւն ու խաղաղութիւն Հայր Աստուծմէ, եւ Քրիստոս Յիսուսէ՝ մեր Տէրոջմէն:
这封信写给我亲爱的儿子提摩太,愿你们拥有来自父上帝和我们主基督耶稣的恩惠、怜悯和平安。
3 Շնորհապարտ եմ Աստուծոյ, որ կը պաշտեմ նախնիքներուս նման՝ մաքուր խղճմտանքով, (անդադար կը յիշեմ քեզ իմ աղերսանքներուս մէջ՝ գիշեր ու ցերեկ,
我如此感谢上帝,就像我的祖先一样,以干净的良心事奉他。我始终都在想着你,在祈祷中提到你。
4 տենչալով տեսնել քեզ, եւ յիշելով արցունքներդ, որպէսզի լեցուիմ ուրախութեամբ, )
我记得你哭泣的样子,就更渴望见你,这会让我真正的感到幸福。
5 երբ կը մտաբերեմ քու մէջդ եղած անկեղծ հաւատքը, որ նախ բնակեցաւ մեծ մօրդ՝ Լաւոդեայի ու մօրդ՝ Եւնիկէի մէջ, եւ համոզուած եմ թէ քու մէջդ ալ կայ:
我记得你对上帝真诚的信,你外祖母罗以和你母亲友尼基也有着同样的信,我知道这信也会在你心中延续。
6 Ուստի կը վերյիշեցնեմ քեզի՝ որ արծարծես Աստուծոյ շնորհը, որ տրուեցաւ քեզի՝ երբ ձեռնադրեցի քեզ.
因此我想要提醒你,那时候我对你按手,你要把上帝借此赠给你的恩典礼物,赋予更多的力量。
7 որովհետեւ Աստուած տուաւ մեզի ո՛չ թէ երկչոտութեան՝ այլ զօրութեան, սիրոյ ու խոհեմութեան Հոգին:
因为上帝赐给我们的不是让我们胆怯的灵,而是有能力、爱心和理智的灵。
8 Ուրեմն մի՛ ամչնար մեր Տէրոջ վկայութեան համար, ո՛չ ալ ինծի՝ անոր բանտարկեալին համար. հապա մասնակցէ՛ աւետարանին չարչարանքներուն՝ Աստուծոյ զօրութեան համեմատ:
所以,不要因向其他人讲述我们的主而感到羞愧,也不要因为我而感到羞愧。你要准备好为福音而受磨难,因为上帝给了你力量。
9 Ան փրկեց մեզ եւ կանչեց սուրբ կոչումով, ո՛չ թէ մեր գործերուն համեմատ, հապա՝ իր առաջադրութեան ու շնորհքին համաձայն, որ Քրիստոս Յիսուսով տրուեցաւ մեզի՝ դարերու ժամանակներէն առաջ, (aiōnios )
他拯救了我们,呼唤我们过圣洁的生活,但不是通过我们的所作所为,而是通过上帝自己的计划,通过他的恩典。 (aiōnios )
10 բայց հիմա բացայայտուեցաւ՝ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի երեւումով: Ան ոչնչացուց մահը, եւ լուսաւորեց կեանքն ու անմահութիւնը՝ աւետարանով,
早在开天辟地之时,他就通过基督耶稣将这恩典赐予我们,但直到现在才通过我们救世主基督耶稣的出现而显化。通过福音,他摧毁死亡,通过福音让生命和不朽变得无比清晰。
11 որուն նշանակուեցայ քարոզիչ, առաքեալ, եւ հեթանոսներու վարդապետ:
我是指派讲作为这福音的讲述者、使徒和教师。
12 Այս պատճառով ալ կը կրեմ այս չարչարանքները. բայց չեմ ամչնար, որովհետեւ գիտեմ թէ որո՛ւն հաւատացած եմ, ու համոզուած եմ թէ ան կարող է պահել իմ իրեն յանձնած աւանդս մինչեւ այն օրը:
我也因此而受到这些苦,但我不以为耻,因为我知道所信是谁,也深信他能呵护我对他的托付,直到他再来的那一天。
13 Ամո՛ւր բռնէ տիպարը այն ողջամիտ խօսքերուն՝ որ լսեցիր ինձմէ, հաւատքով եւ Քրիստոս Յիսուսի մէջ եղած սիրով:
你从我这里学到好的建议,以之为模范予以效仿,心怀信任和爱耶稣基督的态度。
14 Պահէ՛ այդ բարի աւանդը Սուրբ Հոգիին միջոցով՝ որ կը բնակի մեր մէջ:
你应通过住在我们心中的圣灵,保护托付给你的真理。
15 Սա՛ գիտես, թէ ինձմէ երես դարձուցին բոլոր անոնք՝ որ Ասիա էին. ասոնցմէ՛ են Փիգեղոս եւ Հերմոգենէս:
你已知道,所有亚西亚人都背弃了我,包括腓吉路和黑摩其尼。
16 Տէրը ողորմութիւն շնորհէ Ոնեսիփորոսի տան, որովհետեւ յաճախ կազդուրեց զիս եւ ամօթ չսեպեց շղթաս,
愿主怜悯阿尼色弗一家,因为他多次照顾我,也不因我关入监牢而为耻;
17 հապա՝ երբ եկաւ Հռոմ՝ փութաջանութեամբ փնտռեց զիս եւ գտաւ:
他在罗马时,排除万难寻找我,最终找到了。
18 (Տէրը շնորհէ իրեն՝ որ այն օրը ողորմութիւն գտնէ Տէրոջմէն.) ու դուն շատ լաւ գիտես թէ ո՛րչափ սպասարկեց ինծի Եփեսոսի մէջ ալ:
愿主在审判日为他赐福。(提摩太,你很清楚在以弗所时,他为我做了很多)。