< ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍԻ 2 >

1 Բայց նաեւ սուտ մարգարէներ կային ժողովուրդին մէջ, ինչպէս ձեր մէջ ալ պիտի ըլլան սուտ վարդապետներ, որոնք գաղտնի պիտի ներմուծեն կորստաբեր հերձուածներ, եւ ուրանալով զիրենք գնող Տէրը՝ արագահաս կորուստ պիտի բերեն իրենց վրայ:
但正如那时在民众中会有假先知,你们中间也会有假教师。他们巧妙地讲述具有破坏性的虚假教义,甚至否认救赎他们的主,这会让他们自己迅速毁灭。
2 Շատեր պիտի հետեւին անոնց կորստաբեր ճամբաներուն՝՝, եւ անոնց պատճառով ճշմարտութեան ճամբան պիտի հայհոյուի:
许多人会追随他们不道德的错误行为;因为他们,人们会谴责真理之路。
3 Անոնք ագահութեամբ ու շինծու խօսքերով պիտի շահագործեն ձեզ. սակայն անոնց դատաստանը՝ վաղուց պատրաստ ըլլալով՝ անգործ չէ, եւ անոնց կորուստը չի մրափեր:
他们会贪婪地用虚假故事剥削你。但他们已被谴责:他们的审判已悬在其头上良久,他们的毁灭不会推迟。
4 Արդարեւ Աստուած չխնայեց մեղանչած հրեշտակներուն, հապա նետեց տարտարոսը ու մատնեց մթութեան կապանքներուն՝ դատաստանի վերապահելու համար: (Tartaroō g5020)
因为即使是天使犯罪,上帝也没有放过他们。他把它们扔进塔耳塔洛斯,关在黑坑之中,等待审判。 (Tartaroō g5020)
5 Նաեւ չխնայեց նախկին աշխարհին. բայց պահեց Նոյը՝ ութերորդ անձը, արդարութեան քարոզիչը, երբ ջրհեղեղը բերաւ ամբարիշտներու աշխարհին վրայ:
上帝也没有放过远古世界,但他保护了诺亚,诺亚向人们讲述了那做出良善正直之事的上帝。当上帝向邪恶的世界发出洪水时,共救出八人,诺亚就是其中之一。
6 Մոխիրի վերածելով Սոդոմի ու Գոմորի քաղաքները՝ դատապարտեց զանոնք կործանումով, եւ օրինակ դարձուց յետագայ ամբարիշտներուն.
上帝惩罚所多玛和蛾摩拉的城市,将其彻底毁灭,烧成灰烬。对于那些过着邪恶生活之人,这就是他们即将发生之事的例子。
7 սակայն ազատեց արդար Ղովտը, որ ընկճուած էր անօրէններուն շուայտ վարքէն:
但上帝救了罗得,这个好人深深厌恶邻居们令人作呕的不道德行为。
8 (Որովհետեւ անոնց մէջ բնակող այդ արդարը, տեսնելով ու լսելով անոնց անօրէն գործերը, օրէ օր կը տանջէր իր արդար անձը: )
(罗得和他们住在一起,但他却做出良善正确的事。他目睹和听说了那些人日复一日的所作所为,他们的邪恶让他备受折磨。)
9 Տէրը գիտէ բարեպաշտները ազատել փորձութենէ, եւ անարդարները վերապահել դատաստանի օրուան՝ պատուհասի համար.
正如你看到的,对于尊重主的人,主能拯救他们于苦难;对于恶人,主会留着他们,直到他们的惩罚完毕时的审判日。
10 մա՛նաւանդ անոնք՝ որ կ՚ընթանան մարմինի ետեւէն՝ պղծութեան ցանկութեամբ, ու կ՚արհամարհեն տէրութիւնը: Յանդուգն եւ ինքնահաւան ըլլալով՝ չեն դողար փառաւորներուն հայհոյելով,
对于那些追随腐败人类欲望、蔑视权威的人来说,尤其如此。他们狂妄自大,甚至不怕诋毁天人。
11 մինչդեռ հրեշտակները՝ որ անոնցմէ աւելի մեծ են ոյժով ու կարողութեամբ՝ Տէրոջ առջեւ հայհոյալից դատավճիռ չեն արձակեր՝՝ անոնց դէմ:
即使那更强大、更有能力的天使,也不会在主面前贬低那些傲慢之人。
12 Իսկ ասոնք կը հայհոյեն իրենց չգիտցած բաները. սակայն բնութեան անբան կենդանիներուն պէս, (որոնք եղած են որսի եւ ապականութեան համար, ) պիտի ապականին իրե՛նց ապականութեան մէջ,
这些人就像没有头脑的野兽,就像农场动物一样出生、被抓获和屠宰。他们会指责其一无所知的事情,会像动物一样被摧毁。
13 ստանալով անիրաւութեան վարձատրութիւնը: Ասոնք ցերեկուան մէջ եղած հեշտանքը հաճոյք կը համարեն: Բիծ ու արատ են, զուարճանալով իրենց խաբէութիւններով՝ մինչ խրախճանք կ՚ընեն ձեզի հետ:
他们将因其造成的伤害而受到伤害。他们的乐趣,就是在光天化日追寻其邪恶的欲望。他们就是你所在社区的污点和瑕疵。即使他们和你一起吃饭,也喜欢骗人并以此为乐。
14 Շնութեամբ լի աչքեր ունին, որոնք երբեք չեն դադրիր մեղանչելէ՝ խաբելով անհաստատ անձերը: Ագահութեան վարժուած սիրտ ունին, եւ անիծեալ զաւակներ են:
他们总是想要犯下淫荡之举——他们就是无法停止自己的罪。他们引诱脆弱之人,在贪婪中训练自己;他们是受诅咒的后代。
15 Ուղիղ ճամբան ձգելով մոլորեցան՝ հետեւելով Բէովրեան Բաղաամի ճամբային, որ սիրեց անիրաւութեան վարձքը.
他们偏离正道而误入歧途,追随比珥的儿子巴兰的道路。这个巴兰喜欢做恶事并获得酬劳。
16 բայց կշտամբուեցաւ իր օրինազանցութեան համար, երբ մունջ էշը՝ խօսելով մարդկային ձայնով՝ արգիլեց մարգարէին անմտութիւնը:
但他的恶行受到了斥责——一头哑巴驴子用人声说话,阻止了先知的愚蠢之举!
17 Ասոնք անջուր աղբիւրներ են, ու փոթորիկէն քշուած ամպեր, որոնց վերապահուած է խաւարին մթութիւնը յաւիտեան: (questioned)
这样的人如同无水之泉,如被风吹散的雾霭。他们注定要永恒进入最黑的黑暗。 (questioned)
18 Քանի որ երբ կը խօսին ունայնութեան յոխորտաբանութիւններ, մարմինի ցանկութիւններով, ցոփութիւններով կը խաբեն անո՛նք՝ որ հազիւ փախեր էին մոլորութեան մէջ ընթացողներէն:
他们喜欢胡说八道,渴望满足感官的欲望,将那些刚刚脱离错误生活之人,重新带回不道德的行列。
19 Ազատութիւն կը խոստանան անոնց, մինչդեռ իրե՛նք ստրուկներ են ապականութեան. որովհետեւ մէկը ինչ բանէ որ պարտուի, ստրուկ կ՚ըլլայ անոր:
他们对那些人承诺自由,但其实他们自己就是堕落的奴隶。“你是那征服你之人的奴隶。”
20 Արդարեւ եթէ իրենք, փախչելէ ետք աշխարհի պղծութիւններէն՝ Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի ճանաչումով, դարձեալ կաշկանդուին ու պարտուին անոնցմէ, իրենց վախճանը աւելի գէշ կ՚ըլլայ առաջին վիճակէն:
你若因认识主和救世主耶稣基督,得以摆脱世间的邪恶影响,但又陷入罪中而被其打败,你的境遇就会比当初更糟糕。
21 Որովհետեւ աւելի լաւ կ՚ըլլար իրենց՝ որ բնա՛ւ չգիտնային արդարութեան ճամբան, քան թէ՝ գիտնալէ ետք՝ հեռանային իրենց աւանդուած սուրբ պատուիրանէն:
宁愿原本就不知道何为真理之道,也不要在知道后又背弃它们给予你的神圣指示。
22 Սակայն իրենց պատահեցաւ ինչ որ ճշմարիտ առակը կ՚ըսէ. «Շունը կը վերադառնայ իր փսխածին, ու լուացուած խոզը՝ ցեխին մէջ թաւալելու»:
对你而言,那句谚语应验:“狗又吐了,洗过的猪又在泥里打滚了。”

< ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍԻ 2 >