< ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 7 >

1 Ուրեմն, սիրելինե՛ր, այս խոստումները ունենալով՝ մաքրե՛նք մենք մեզ մարմինի ու հոգիի ամէն տեսակ պղծութենէ, եւ կատարելագործե՛նք սրբացումը Աստուծոյ վախով:
亲爱的弟兄啊,我们既有这等应许,就当洁净自己,除去身体、灵魂一切的污秽,敬畏 神,得以成圣。
2 Ընդունեցէ՛ք մեզ՝՝: Ո՛չ մէկը անիրաւեցինք, ո՛չ մէկը ապականեցինք եւ ո՛չ մէկը կեղեքեցինք:
你们要心地宽大收纳我们。我们未曾亏负谁,未曾败坏谁,未曾占谁的便宜。
3 Չեմ ըսեր ասիկա՝ դատապարտելու համար ձեզ, որովհետեւ նախապէս ըսեր եմ թէ դուք մեր սիրտին մէջ էք՝ միասին մեռնելու եւ ապրելու:
我说这话,不是要定你们的罪。我已经说过,你们常在我们心里,情愿与你们同生同死。
4 Մեծ է խօսքի համարձակութիւնս ձեզի հանդէպ, մեծ է ձեզմով պարծանքս, լեցուած եմ մխիթարութեամբ, չափազանց ուրախ եմ մեր ամբողջ տառապանքին մէջ:
我大大地放胆,向你们说话;我因你们多多夸口,满得安慰;我们在一切患难中分外的快乐。
5 Որովհետեւ՝ երբ մենք Մակեդոնիա հասանք՝ մեր մարմինը բնա՛ւ անդորրութիւն չունեցաւ, այլ ամէն կողմէ կը տառապէինք. դուրսէն կռիւներ կային, իսկ ներսէն՝ վախեր:
我们从前就是到了马其顿的时候,身体也不得安宁,周围遭患难,外有争战,内有惧怕。
6 Բայց Աստուած, որ խոնարհները կը մխիթարէ, մեզ մխիթարեց Տիտոսի գալուստով:
但那安慰丧气之人的 神借着提多来安慰了我们;
7 Եւ ո՛չ միայն անոր գալուստով, այլ նաեւ այն մխիթարութեամբ՝ որով ինք մխիթարուած էր ձեզմով, երբ պատմեց մեզի ձեր տենչանքը, ձեր կոծը, ինծի հանդէպ ձեր ունեցած նախանձախնդրութիւնը, այնպէս որ ա՛լ աւելի ուրախացայ:
不但借着他来,也借着他从你们所得的安慰,安慰了我们;因他把你们的想念、哀恸,和向我的热心,都告诉了我,叫我更加欢喜。
8 Որովհետեւ, թէպէտ տրտմեցուցի ձեզ այդ նամակով, չեմ զղջար, (թէպէտ զղջացեր էի, ) քանի որ կը նշմարեմ թէ այդ նամակը տրտմեցուց ձեզ, թէպէտ միայն ժամանակ մը:
我先前写信叫你们忧愁,我后来虽然懊悔,如今却不懊悔;因我知道,那信叫你们忧愁不过是暂时的。
9 Ուրեմն կ՚ուրախանամ, ո՛չ թէ քանի որ տրտմեցաք, հապա՝ որովհետեւ տրտմեցաք ապաշխարութեա՛ն համար. քանի որ տրտմեցաք Աստուծոյ ուզած կերպով, որպէսզի ոչինչ կորսնցուցած ըլլաք մեր միջոցով:
如今我欢喜,不是因你们忧愁,是因你们从忧愁中生出懊悔来。你们依着 神的意思忧愁,凡事就不至于因我们受亏损了。
10 Արդարեւ Աստուծոյ ուզած տրտմութիւնը կը պատճառէ՝՝ ապաշխարութիւն՝ փրկութեան համար, որ չի զղջացներ. բայց աշխարհի տրտմութիւնը կը պատճառէ մահ:
因为依着 神的意思忧愁,就生出没有后悔的懊悔来,以致得救;但世俗的忧愁是叫人死。
11 Քանի դուք տրտմեցաք Աստուծոյ ուզած կերպով, ահա՛ այդ բանը ձեր մէջ ի՜նչ փութաջանութիւն գոյացուց, նոյնիսկ ջատագովութիւն, ընդվզում, վախ, տենչանք, նախանձախնդրութիւն, վրէժխնդրութիւն. ամէն կերպով դուք ձեզի հաւանութիւն տուիք թէ այդ խնդիրին մէջ անկեղծ էք:
你看,你们依着 神的意思忧愁,从此就生出何等的殷勤、自诉、自恨、恐惧、想念、热心、责罚。在这一切事上,你们都表明自己是洁净的。
12 Ուրեմն ինչ որ գրեցի ձեզի, ո՛չ թէ անիրաւութիւնը ընողին պատճառով էր, եւ ո՛չ ալ անիրաւութիւնը կրողին պատճառով, հապա՝ որպէսզի երեւնայ ձեզի Աստուծոյ առջեւ մեր ունեցած փութաջանութիւնը ձեզի հանդէպ:
我虽然从前写信给你们,却不是为那亏负人的,也不是为那受人亏负的,乃要在 神面前把你们顾念我们的热心表明出来。
13 Ուստի ձեր մխիթարութեամբ մե՛նք մխիթարուեցանք. եւ ա՛լ աւելի ուրախացանք Տիտոսի ուրախութեան համար, որովհետեւ անոր հոգին հանգստացած էր բոլորէդ.
故此,我们得了安慰。 并且在安慰之中,因你们众人使提多心里畅快欢喜,我们就更加欢喜了。
14 քանի որ ամօթահար չեմ ըլլար՝ ձեզմով որեւէ բանի մէջ պարծենալուս համար անոր առջեւ. հապա, ինչպէս ամէն բան ճշմարտութեամբ խօսեցանք ձեզի, նոյնպէս Տիտոսի առջեւ մեր պարծանքն ալ ճշմարիտ գտնուեցաւ:
我若对提多夸奖了你们什么,也觉得没有惭愧;因我对提多夸奖你们的话成了真的,正如我对你们所说的话也都是真的。
15 Նաեւ իր գորովը աւելի առատ է ձեզի հանդէպ, մինչ կը վերյիշէ ձեր բոլորին հնազանդութիւնը, թէ ի՛նչպէս ահով ու դողով ընդունեցիք զինք:
并且提多想起你们众人的顺服,是怎样恐惧战兢地接待他,他爱你们的心肠就越发热了。
16 Ուստի կ՚ուրախանամ որ ամէն բանի մէջ վստահութիւն ունիմ ձեր վրայ:
我如今欢喜,能在凡事上为你们放心。

< ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 7 >