< ᎣᏍᏛ ᎧᏃᎮᏛ ᎷᎦ ᎤᏬᏪᎳᏅᎯ 20 >

1 ᎯᎠᏃ ᏄᎵᏍᏔᏁᎢ, ᎾᏍᎩ ᏌᏉ ᎢᎦ ᎾᎯᏳ ᎨᏒ, ᏕᎨᏲᎲᏍᎨ ᏴᏫ ᎤᏛᎾᏗᎦᎳᏫᎢᏍᏗᏱ, ᎣᏍᏛ ᎧᏃᎮᏛ ᎠᎵᏥᏙᎲᏍᎨᎢ, ᎾᏍᎩ ᏄᏂᎬᏫᏳᏒ ᎠᏥᎸᎠᏁᎶᎯ, ᎠᎴ ᏗᏃᏪᎵᏍᎩ ᎬᏩᏃᎴᎢ, ᎤᎾᎵᎪᏎ ᏗᏂᎳᏫᎩ,
Այդ օրերէն մէկը, երբ տաճարին մէջ կը սորվեցնէր ժողովուրդին եւ կ՚աւետարանէր, քահանայապետներն ու դպիրները վրայ հասան՝ երէցներուն հետ,
2 ᎠᎴ ᎬᏩᎵᏃᎮᏔᏁ, ᎯᎠ ᏄᏂᏪᏎᎢ, ᏍᎩᏃᎲᏏ, ᎦᏙ ᏣᎵᏍᎦᏍᏙᏗ ᎯᎠ ᎾᏍᎩ ᏥᏄᏍᏗ ᏥᏕᏣᎸᏫᏍᏓᏁᎭ? ᎠᎴ ᎦᎪ ᎾᏍᎩ Ꮎ ᏣᏁᎸᎯ ᎾᏍᎩ ᎢᏣᏛᏁᏗᏱ?
եւ խօսեցան անոր՝ ըսելով. «Ըսէ՛ մեզի, ի՞նչ իշխանութեամբ կ՚ընես այդ բաները, կամ ո՞վ է այդ իշխանութիւնը քեզի տուողը»:
3 ᎤᏁᏨᏃ ᎯᎠ ᏂᏚᏪᏎᎴᎢ, ᎠᏴ ᎾᏍᏉ ᏑᏓᎴᎩ ᏓᏨᏯᏛᏛᏂ; ᎠᎴ ᏍᎩᏃᎲᏏ;
Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Ես ալ ձեզի՛ հարցնեմ բան մը, եւ ըսէ՛ք ինծի.
4 ᏣᏂ ᏧᏓᏬᏍᏗ ᎨᏒᎢ, ᎦᎸᎳᏗᏍᎪ ᏧᏓᎴᏁᎢ, ᏴᏫᏉᎨ ᎠᏁᎲᎢ.
“Յովհաննէսի մկրտութիւնը երկինքէ՞ն էր՝ թէ մարդոցմէ”»:
5 ᏙᏧᎾᏓᏅᏛᏃ ᎤᎾᏓᏅᏖᎴ ᎯᎠ ᎾᏂᏪᏍᎨᎢ, ᎢᏳᏃ ᎦᎸᎳᏗ, ᏲᎦᏛᏅ, ᎯᎠ ᏱᏃᎩᏪᏏ, ᎦᏙᏃ Ꮭ ᏱᎡᏦᎢᏳᏁᎢ?
Անոնք իրենց մէջ մտածեցին ու ըսին.
6 ᎢᏳᏃ ᏴᏫᏉ ᎠᏁᎲᎢ, ᏲᎦᏛᏅ, ᏂᎦᏛᏉ ᏴᏫ ᏅᏯ ᏱᏕᎪᎬᏂᏍᏓ; ᏣᏂᏰᏃ ᎠᏙᎴᎰᏍᎩ ᎨᏒᎩ, ᎠᏁᎵᎭ.
«Եթէ պատասխանենք. “Երկինքէն”, պիտի ըսէ. “Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր”: Իսկ եթէ պատասխանենք. “Մարդոցմէ”, ամբողջ ժողովուրդը պիտի քարկոծէ մեզ, որովհետեւ հաստատ համոզուած են թէ Յովհաննէս մարգարէ էր»:
7 ᎤᏂᏁᏨᏃ, ᎥᏝ ᏲᏥᎦᏔᎭ ᏧᏓᎴᏅᎢ, ᎤᎾᏛᏁᎢ.
Ուստի պատասխանեցին թէ չեն գիտեր ուրկէ՛ էր:
8 ᏥᏌᏃ ᎯᎠ ᏂᏚᏪᏎᎴᎢ, ᎥᏝ ᎾᏍᏉ ᎠᏴ ᏴᎨᏨᏃᎲᏏ ᎢᏳᏍᏗ ᎨᏒ ᎠᏆᎵᏍᎦᏍᏙᏛ ᎯᎠ ᎾᏍᎩ ᏥᏓᎩᎸᏫᏍᏓᏁᎭ.
Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ես ալ չեմ ըսեր ձեզի թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ այդ բաները»:
9 ᎠᎴ ᎿᎭᏉ ᎤᎴᏅᎮ ᎾᏍᎩ ᎯᎠ ᏚᏟᎶᏍᏓᏁᎴ ᏴᏫ; ᎩᎶ ᎢᏳᏍᏗ ᎠᏍᎦᏯ ᏖᎸᎳᏗ ᏚᏫᏎᎢ, ᎠᎴ ᏚᏙᎳᏍᏔᏁ ᏠᎨᏏ ᏭᏂᎸᏫᏍᏓᏁᎯ, ᎠᎴ ᎢᏅ ᏭᎶᏎ ᎪᎯᏛ ᏭᏪᏙᎴᎢ.
Եւ սկսաւ սա՛ առակը ըսել ժողովուրդին. «Մարդ մը այգի տնկեց ու մշակներու յանձնեց զայն, եւ ճամբորդեց՝ երկար ժամանակի համար:
10 ᎾᎯᏳᏃ ᎤᏅᏂᏍᏗᏱ ᎨᏒ ᎤᏅᏏᏓᏍᏗ ᎤᏅᏎ ᏠᎨᏏ ᏧᏂᎸᏫᏍᏓᏁᎯ ᏗᏁᎲᎢ, ᎾᏍᎩ ᏂᏙᏓᎬᏩᏅᏁᏗᏱ ᎤᎾᏓᏛᏅᎯ ᏖᎸᎳᏗ ᏓᏫᏒᎢ; ᎠᏎᏃ ᏠᎨᏏ ᏧᏂᎸᏫᏍᏓᏁᎯ ᎤᏂᎵᎥᏂᎸ ᎠᏒᎭ ᎤᏂᎨᎯᏙᎴᎢ.
Ատենին՝ ծառայ մը ղրկեց մշակներուն, որպէսզի այգիին պտուղէն տան անոր. իսկ մշակները ծեծեցին զայն ու պարապ ճամբեցին:
11 ᎠᎴ ᏔᎵᏁ ᏅᏩᏓᎴ ᎤᏅᏎ ᎤᏅᏏᏓᏍᏗ ᎦᎬᏩᏂᏐᏢᏔᏅ, ᎠᏒᎭ ᎤᏂᎨᎯᏙᎴᎢ.
Ուրիշ ծառայ մըն ալ ղրկեց. անոնք ծեծեցին նաեւ զայն, անպատուեցին եւ պարապ ճամբեցին:
12 ᎠᎴᏬ ᏦᎢᏁ ᎤᏅᏎᎢ; ᎾᏍᎩᏃ ᎾᏍᏉ ᎤᏂᏐᏅᏅ ᎤᏂᏄᎪᏫᏎᎢ.
Երրորդ մը եւս ղրկեց. անոնք վիրաւորեցին զայն ալ, ու դուրս հանեցին:
13 ᎿᎭᏉᏃ ᏖᎸᎳᏗ ᏓᏫᏒ ᎤᏤᎵᎦ, ᎯᎠ ᏄᏪᏎᎢ, ᎦᏙ ᏓᎦᏛᏁᎵ? ᎠᏇᏥ ᏥᎨᏳᎢ ᏓᏥᏅᏏ; ᏯᏂᎸᏉᏓ ᏱᎩ ᎾᏍᎩ ᎠᏂᎪᎲᎭ.
Ուստի այգիին տէրը ըսաւ. “Ի՞նչ ընեմ. ղրկե՛մ սիրելի որդիս, թերեւս պատկառին՝ տեսնելով զայն”:
14 ᎠᏎᏃ ᏠᎨᏏ ᏧᏂᎸᏫᏍᏓᏁᎯ ᎤᏂᎪᎲ, ᎤᏅᏒ ᎨᏒ ᎤᎾᎵᏃᎮᎴ ᎯᎠ ᏂᏚᎾᏓᏪᏎᎴᎢ, ᎯᎠ ᎾᏍᎩ ᎤᏘᏰᏗ ᏥᎩ ᏧᎬᏩᎶᏗ, Ꭷ, ᎡᏗᎷᎦ, ᎾᏍᎩᏃ ᏧᎬᏩᎶᏗ ᎤᏘᏯᏍᏓᏁᏗ ᎨᏒ ᎢᎦᏤᎵ ᏱᏂᎦᎵᏍᏓ.
Բայց մշակները՝ երբ տեսան զայն, մտածեցին իրարու հետ՝ ըսելով. “Ա՛յս է ժառանգորդը. եկէ՛ք սպաննենք զայն, որպէսզի ժառանգութիւնը մեզի մնայ”:
15 ᎰᏩᏃ ᎤᏂᏄᎪᏫᏒ ᏖᎸᎳᏗ ᏓᏫᏒᎢ, ᎤᏂᎴᎢ. ᎾᏍᎩ ᎢᏳᏍᏗ ᎾᏍᎩ Ꮎ ᏖᎸᎳᏗ ᏓᏫᏒ ᎤᏤᎵᎦ ᎦᏙ ᏙᏓᎬᏁᎵ ᎾᏍᎩ?
Եւ այգիէն դուրս հանեցին զայն ու սպաննեցին: Ուրեմն այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ անոնց.
16 ᏓᎦᎷᏥ ᎠᎴ ᏙᏛᏛᏔᏂ ᎾᏍᎩ Ꮎ ᏠᎨᏏ ᏧᏂᎸᏫᏍᏓᏁᎯ, ᎠᎴ ᏅᏩᎾᏓᎴ ᏙᏛᏁᎵ ᏖᎸᎳᏗ ᏓᏫᏒᎢ. ᎾᏍᎩᏃ ᎤᎾᏛᎦᏁᎸ, ᎥᏞᏍᏗ, ᎤᎾᏛᏁᎢ.
պիտի գայ ու կորսնցնէ այդ մշակները, եւ այգին պիտի տայ ուրիշներու»:
17 ᏚᎧᎿᎭᏅᏃ, ᎯᎠ ᏄᏪᏎᎢ, ᎦᏙᏃ ᎾᏍᎩ ᎯᎠ ᏥᏂᎬᏅ ᏥᎪᏪᎳ, ᏗᎾᏁᏍᎨᏍᎩ ᎤᏂᏲᎢᏎᎸᎯ ᏅᏯ ᎾᏍᎩ ᏄᎬᏫᏳᏒ ᎤᏅᏏᏴ ᎠᏗ ᏄᎵᏍᏔᏅ?
Երբ ասիկա լսեցին՝ ըսին. «Ամե՛նեւին»: Ինք ալ նայեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Հապա ի՞նչ է սա՛ գրուածը. “Այն քարը՝ որ կառուցանողները մերժեցին, անիկա՛ եղաւ անկիւնաքարը”:
18 ᎩᎶ ᎾᏍᎩ ᎾᎿᎭᏅᏲᎯ ᎠᏢᏨᎭ ᏓᏳᏐᏅᏂ; ᎩᎶᏃ ᎾᏍᎩ ᎤᏐᏅᎭ ᏓᏳᏪᏓᏬᏔᏂ.
Ո՛վ որ իյնայ այդ քարին վրայ՝ պիտի կոտրտի, եւ որո՛ւն վրայ որ իյնայ՝ պիտի փսորէ զայն»:
19 ᏄᏂᎬᏫᏳᏒᏃ ᎠᏥᎸ-ᎠᏁᎶᎯ ᎠᎴ ᏗᏃᏪᎵᏍᎩ ᎾᎯᏳᏉ ᎤᎾᏁᎶᏔᏁ ᎤᏂᏂᏴᏗᏱ, ᎠᏎᏃ ᏚᏂᏍᎦᎴ ᏴᏫ; ᎤᎾᏙᎴᎰᏎᏰᏃ ᎾᏍᎩ ᎯᎠ ᏚᏟᎶᏍᏔᏅ ᎤᏅᏒ ᎨᏥᏛᎬᎢ.
Քահանայապետներն ու դպիրները կը ջանային նոյն ժամուն ձեռք բարձրացնել անոր վրայ, բայց կը վախնային ժողովուրդէն. քանի որ ըմբռնեցին թէ այդ առակը խօսեցաւ իրենց դէմ:
20 ᎬᏩᎦᏌᏯᏍᏕᏃ, ᎠᎴ ᏙᏧᏂᏅᏎ ᎠᎾᏓᎦᏌᏯᏍᏗᏍᎩ, ᎾᏍᎩ ᎤᎾᏓᏅᏘ ᎤᎾᏣᎸᏗᏱ ᎾᏍᎩ ᎬᏩᎪᏁᎶᎯᏎᏗᏱ ᎦᏬᏂᏍᎬᎢ, ᎾᏍᎩᏃ ᏫᏚᏂᏲᎯᏎᏗᏱ ᎤᏰᎢᎵᏓᏍᏗᏱ ᎤᎬᏫᏳᎯ.
Անոր վրայ հսկելով՝ ղրկեցին քանի մը լրտեսներ, որոնք կեղծաւորութեամբ արդար կը ձեւացնէին իրենք զիրենք, որպէսզի խօսքո՛վ բռնեն զայն՝ տէրութեան ու կառավարիչին իշխանութեան մատնելու համար:
21 ᎬᏩᏛᏛᏁᏃ ᎯᎠ ᏄᏂᏪᏎᎢ, ᏔᏕᏲᎲᏍᎩ, ᎣᏥᎦᏔᎭ ᎯᏬᏂᏍᎬ ᎠᎴ ᏕᎭᏕᏲᎲᏍᎬ ᏚᏳᎪᏛ ᎨᏎᎢ, ᎠᎴ ᏂᏘᎸᏉᏙᏛᎾ ᎨᏒ ᏄᎾᏍᏛ ᏴᏫ, ᎤᏁᎳᏅᎯᏍᎩᏂ ᎤᏤᎵ ᎦᏅᏅ ᎤᏙᎯᏳᎯᏯ ᏕᎭᏕᏲᎲᏍᎬᎢ;
Հարցուցին անոր. «Վարդապե՛տ, գիտենք թէ շիտակ կը խօսիս ու կը սորվեցնես, եւ աչառութիւն չես ըներ, հապա ճշմարտութեամբ կը սորվեցնես Աստուծոյ ճամբան:
22 ᏚᏳᎪᏗᏍᎪ ᏏᏌ ᎡᏓᎫᏴᎡᏗᏱ ᎠᏰᎵ ᎠᎫᏴᏗ ᎨᏒᎢ, ᏝᎨ?
Մեզի արտօնուա՞ծ է կայսրին տուրք տալ՝ թէ ոչ»:
23 ᎠᏎᏃ ᎤᏙᎴᎰᏎ ᎠᏂᏏᎾᏌᏅᎬᎢ, ᎠᎴ ᎯᎠ ᏂᏚᏪᏎᎴᎢ, ᎦᏙᏃ ᎢᏍᎩᏌᏛᎥᏍᎦ?
Յիսուս՝ նշմարելով անոնց խորամանկութիւնը՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ կը փորձէք զիս:
24 ᏥᎪᏩᏛ ᎠᎩᏏ ᏧᎬᏩᎶᏗ. ᎦᎪ ᏓᎦᏟᎶᏍᏗ, ᎠᎴ ᎦᎪ ᎠᏥᏃᎮᎭ ᎯᎠ ᏥᎪᏪᎳ? ᎤᏂᏁᏤᏃ, ᏏᏌ, ᎤᎾᏛᏁᎢ.
Ցո՛յց տուէք ինծի դահեկան մը. որո՞ւն պատկերն ու գրութիւնը ունի վրան»: Անոնք պատասխանեցին. «Կայսրի՛ն»:
25 ᎯᎠᏃ ᏂᏚᏪᏎᎵᎢ, ᏏᏌ ᎠᏗᎾ ᎡᏣᎫᏴᏏ ᏏᏌ ᎤᏤᎵᎦ, ᎤᏁᎳᏅᎯᏃ ᎤᏁᎳᏅᎯ ᎤᏤᎵᎦ.
Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Ուրեմն ինչ որ կայսրինն է՝ տուէ՛ք կայսրին, եւ ինչ որ Աստուծոյ է՝ Աստուծո՛յ»:
26 ᎧᏁᎬᏃ ᎥᏝ ᏰᎵ ᎦᎬᏩᏂᎪᏁᎶᎯᏎᏗ ᏱᎨᏎ ᏴᏫ ᎠᏂᎦᏔᎲᎢ; ᎤᏂᏍᏆᏂᎪᏎᏃ ᏄᏪᏒ ᎤᏁᏨᎢ, ᎠᎴ ᎡᎳᏪᏱ ᎤᏅᏁᎢ.
Այսպէս՝ չկրցան իր խօսքերով բռնել զայն ժողովուրդին առջեւ, ու լռեցին՝ զարմանալով անոր պատասխանին վրայ:
27 ᎿᎭᏉᏃ ᎩᎶ ᎢᏳᎾᏍᏗ ᎠᏂᏌᏚᏏ, ᎾᏍᎩ ᏣᎾᏓᏱᎭ ᎠᏲᎱᏒ ᏗᎴᎯᏐᏗ ᎨᏒᎢ, ᎬᏩᎷᏤᎸ ᎬᏩᏛᏛᏁᎢ,
Սադուկեցիներէն ոմանք եկան (որոնք կը հակաճառեն թէ յարութիւն չկայ, ) եւ հարցուցին անոր.
28 ᎯᎠ ᏄᏂᏪᏎᎢ, ᏔᏕᏲᎲᏍᎩ, ᎼᏏ ᎣᎪᏪᏁᎸᎩ ᎯᎠ ᏃᎩᏪᏎᎸᎩ, ᎩᎶ ᏗᎾᏓᏅᏟ ᎠᏲᎱᏍᎨᏍᏗ ᎤᏓᎵᎢ ᎤᏪᎧᎮᏍᏗ, ᎠᎴ ᏧᏪᏥ ᎾᏁᎲᎾ ᎠᏲᎱᏍᎨᏍᏗ, ᎾᏍᎩ ᏗᎾᏓᏅᏟ ᎠᏓᏰᎨᏍᏗ ᎤᏓᏴᏛ, ᎠᎴ ᏓᏛᎯᏍᏓᏁᎮᏍᏗ ᏧᏪᏥ ᏗᎾᏓᏅᏟ.
«Վարդապե՛տ, Մովսէս գրեց մեզի. “Եթէ մէկուն եղբայրը մեռնի՝ կին մը ունենալով, բայց առանց զաւակի, անոր եղբայրը թող առնէ այդ կինը ու զարմ տայ իր եղբօր”:
29 ᎾᏍᎩᏃ ᎠᏁᎲᎩ ᎦᎵᏉᎩ ᎢᏯᏂᏛ ᎠᎾᎵᏅᏟ; ᎤᏓᏂᎵᎨᏃ ᎤᏕᏒᏅᎩ, ᎠᎴ ᎤᏲᎱᏒ ᏧᏪᏥ ᎾᏁᎲᎾ.
Ուրեմն եօթը եղբայրներ կային: Առաջինը կին մը առնելով՝ անզաւակ մեռաւ:
30 ᎠᎴ ᏔᎵᏁ ᏪᎯ ᎾᏍᎩ ᎤᏓᏴᏒᎩ, ᎠᎴ ᎤᏲᎱᏒ ᏧᏪᏥ ᎾᏁᎲᎾ.
Երկրորդն ալ առաւ այդ կինը եւ ինք ալ անզաւակ մեռաւ:
31 ᎠᎴ ᏦᎢᏁ ᏪᎯ ᎤᏓᏴᏒᎩ; ᎠᎴ ᎾᏍᎩᏯ ᎾᏍᏉ ᎦᎵᏉᎩ ᎢᏯᏂᏛ; ᎠᎴ ᏧᏁᏥ ᎾᏁᎲᎾ ᏚᏂᏲᎱᏒᎩ.
Երրորդն ալ առաւ զայն. նոյնպէս եօթն ալ, ու զաւակ չձգեցին եւ մեռան:
32 ᎣᏂᏱᏃ ᎠᎨᏴ ᎾᏍᏉ ᎤᏲᎱᏒᎩ.
Ամենէն ետք կինն ալ մեռաւ:
33 ᎾᏍᎩᏃ ᎿᎭᏉ ᏗᎴᎯᏐᏗ ᏂᎦᎵᏍᏔᏂᎸᎭ, ᎦᎪ ᎤᏓᎵᎢ ᎨᏎᏍᏗ ᎾᏍᎩ, ᎦᎵᏉᎩᏰᏃ ᎢᏯᏂᏛ ᎤᎾᏓᏴᏛ ᎢᎩ.
Ուրեմն յարութեան ատեն՝ անոնցմէ որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ, որովհետեւ եօթն ալ ունեցան զայն իբր կին»:
34 ᏥᏌᏃ ᎤᏁᏨ ᎯᎠ ᏂᏚᏪᏎᎴᎢ, ᎠᏂ ᎡᎶᎯ ᎠᏁᎯ ᏓᎾᏕᏒᎲᏍᎪᎢ ᎠᎴ ᏕᎨᏥᏰᎪᎢ; (aiōn g165)
Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Այս աշխարհի որդիները կ՚ամուսնանան եւ ամուսնութեան կը տրուին: (aiōn g165)
35 ᎾᏍᎩᏍᎩᏂ ᏐᎢᏱ ᏗᎨᏒ ᎠᎴ ᎠᏲᎱᏒ ᏗᎴᎯᏐᏗ ᎨᏒ ᏰᎵᏉ ᎬᏩᎾᏖᎳᏗᏍᏗ ᎨᏥᏰᎸᎯ, ᎥᏝ ᏱᏓᎾᏕᏒᎲᏍᎪᎢ, ᎥᏝ ᎠᎴ ᏱᏗᎨᏥᏰᎪᎢ. (aiōn g165)
Բայց անոնք՝ որ պիտի արժանանան հասնիլ այն աշխարհին ու մեռելներէն յարութեան, ո՛չ պիտի ամուսնանան, ո՛չ ալ ամուսնութեան պիտի տրուին, (aiōn g165)
36 ᎥᏝ ᎠᎴ ᎿᎭᏉ ᏗᎬᏩᏂᏲᎱᎯᏍᏗ ᏱᎨᏎᏍᏗ; ᏗᏂᎧᎿᎭᏩᏗᏙᎯᏍᎩᏂ ᎦᎸᎳᏗ ᎠᏁᎯ ᏄᎾᏍᏛ ᎾᏍᎩᏯ ᏄᎾᏍᏕᏍᏗ; ᎠᎴ ᎤᏁᎳᏅᎯ ᏧᏪᏥ ᎾᏍᎩ, ᎠᏲᎱᏒ ᏗᎴᎯᏐᏗ ᎨᏒ ᏧᏪᏥ ᎨᏒ ᎢᏳᏍᏗ.
քանի որ ա՛լ չեն կրնար մեռնիլ. արդարեւ հրեշտակներուն հաւասար են եւ Աստուծոյ որդիներ են, յարութեան որդիներ ըլլալով:
37 ᎾᏃ ᏧᏂᏲᎱᏒᎯ ᏧᎾᎴᎯᏐᏗ ᎨᏒ, ᏱᏏ ᎬᏂᎨᏒ ᏄᏩᏁᎴ ᎤᏪᏲᏓᏛᎢ, ᎾᎯᏳ ᏱᎰᏩ ᎤᏁᎳᏅᎯ ᎡᏆᎭᎻ ᎤᏤᎵᎦ, ᎠᎴ ᎤᏁᎳᏅᎯ ᎡᏏᎩ ᎤᏤᎵᎦ, ᎠᎴ ᎤᏁᎳᏅᎯ ᏤᎦᏈ ᎤᏤᎵᎦ, ᏧᏬᏎᎴᎢ.
Բայց մեռելներուն յարութիւն առնելը՝ Մովսէ՛ս ալ ցոյց տուաւ մորենիին պատմութեան մէջ, երբ կը կոչէ Տէրը՝ “Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը”:
38 ᎤᏁᎳᏅᎯᏰᏃ ᎥᏝ ᏧᏂᏲᎱᏒᎯ ᎤᎾᏤᎵᎦ ᏱᎩ, ᏗᏅᏃᏛᏍᎩᏂ; ᎾᏍᎩᏰᏃ ᎠᏓᏅᏖᏍᎬ ᏂᎦᏗᏳ ᏗᏅᏃᏛ.
Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա՝ ողջերուն, որովհետեւ անոր համար՝ բոլորը կ՚ապրին»:
39 ᎿᎭᏉᏃ ᎩᎶ ᎢᏳᎾᏍᏗ ᏗᏃᏪᎵᏍᎩ ᎤᏂᏁᏤ ᎯᎠ ᏄᏂᏪᏎᎢ, ᏔᏕᏲᎲᏍᎩ, ᏰᎵᎦᏯ ᏂᏫ.
Դպիրներէն ոմանք ըսին. «Վարդապե՛տ, ճի՛շդ ըսիր»:
40 ᎾᎯᏳᏃ ᎢᏳᏓᎴᏅᏛ ᎠᏂᏍᎦᎢᎮ ᎪᎱᏍᏗ ᎬᏩᏛᏛᏗᏱ.
Եւ ա՛լ չէին յանդգներ բան մը հարցնել անոր:
41 ᎯᎠᏃ ᏂᏚᏪᏎᎴᎢ, ᎦᏙ ᏗᎦᎵᏍᏙᏗᎭ ᎦᎶᏁᏛ ᏕᏫ ᎤᏪᏥ ᏣᎾᏗᎭ?
Ըսաւ անոնց. «Ի՞նչպէս կ՚ըսեն թէ “Քրիստոս Դաւիթի որդին է”:
42 ᏕᏫᏃ ᎤᏩᏒ ᎯᎠ ᏂᎦᏪᎭ ᏗᎧᏃᎩᏍᏗᏱ ᎪᏪᎵ, ᏱᎰᏩ ᎯᎠ ᏄᏪᏎᎴ ᎤᎬᏫᏳᎯ ᎠᏆᏤᎵᎦ, ᏥᎦᏘᏏ ᎢᏗᏢ ᏦᎴᏍᏗ,
Դաւիթ ի՛նք Սաղմոսներու գիրքին մէջ կ՚ըսէ. “Տէրը ըսաւ իմ Տէրոջս. «Բազմէ՛ իմ աջ կողմս,
43 ᎬᏂ ᎨᏣᏍᎦᎩ ᏗᏣᎳᏏᏗᏱ ᎦᏍᎩᎶ ᏂᎦᏥᏴᏁᎸᎭ.
մինչեւ որ քու թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ»”:
44 ᏕᏫᏰᏃ ᏣᎬᏫᏳᎯ ᎪᏎᎭ; ᎦᏙᏃ ᏗᎦᎵᏍᏙᏗᎭ ᎤᏪᏥ ᎢᎩ?
Ուրեմն Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ. հապա ի՞նչպէս իր որդին կ՚ըլլայ ան»:
45 ᎿᎭᏉᏃ ᏂᎦᏛ ᏴᏫ ᎤᎾᏛᏓᏍᏛ, ᎯᎠ ᏂᏚᏪᏎᎴ ᎬᏩᏍᏓᏩᏗᏙᎯ,
Ամբողջ ժողովուրդին առջեւ ըսաւ իր աշակերտներուն.
46 ᏕᏤᏯᏙᏤᎮᏍᏗ ᏗᏃᏪᎵᏍᎩ, ᎾᏍᎩ ᏧᎾᏚᎵᏍᎪ ᏗᎦᏅᎯᏛ ᏧᎾᏄᏩᎢ ᎤᏁᏓᏍᏗᏱ, ᎠᎴ ᎣᏏᏳ ᏧᏂᏰᎸᎭ ᎨᏥᏲᎵᏍᏗᏱ ᏗᎦᏃᏙᏗᏱ, ᎠᎴ ᏄᎬᏫᏳᏒ ᏕᎦᏍᎩᎸ ᏗᎦᎳᏫᎢᏍᏗᏱ, ᎠᎴ ᏄᎬᏫᏳᏒ ᏗᎾᏢᏗᏱ ᏓᎾᎵᏍᏓᏴᎲᏍᎬᎢ;
«Զգուշացէ՛ք դպիրներէն, որոնք կ՚ուզեն երկայն պարեգօտներով շրջիլ, կը սիրեն բարեւները՝ հրապարակներուն վրայ, առաջին աթոռները՝ ժողովարաններու մէջ, եւ առաջին բազմոցները՝ ընթրիքներու մէջ.
47 ᎾᏍᎩ ᏥᏓᏂᏒᏁᎰ ᏧᏃᏑᎶᏨᎯ ᏓᏂᏁᎸᎢ, ᎠᎴ ᎤᎾᏠᎾᏍᏛ ᎪᎯᏗᏳ ᏣᎾᏓᏙᎵᏍᏗᏍᎪᎢ; ᎾᏍᎩ ᎤᏟᎯᏳ ᎢᎦᎢ ᎤᏂᎩᎵᏲᎢᏍᏗ ᎨᏎᏍᏗ.
որոնք այրիներուն տուները կը լափեն, ու մարդոց երեւնալու համար՝ աղօթքը կ՚երկարեն: Անոնք աւելի՛ խստութեամբ պիտի դատուին՝՝»:

< ᎣᏍᏛ ᎧᏃᎮᏛ ᎷᎦ ᎤᏬᏪᎳᏅᎯ 20 >