< ᎨᏥᏅᏏᏛ ᏄᎾᏛᏁᎵᏙᎸᎢ 1 >

1 Ꭷ ᏗᎣᏈᎵ, ᎢᎬᏱᏱ ᏣᏉᏪᎳᏅᎩ ᎧᏃᎮᏍᎬᎩ ᏂᎦᏛ ᏥᏌ ᎤᎴᏅᎲ ᏚᎸᏫᏍᏓᏁᎸ ᎠᎴ ᏚᏕᏲᏅᎢ,
Առաջին պատմութիւնը գրեցի, ո՛վ Թէոփիլոս, ամէն ինչի մասին՝ որ Յիսուս սկսաւ ընել եւ սորվեցնել,
2 ᎬᏂ ᎾᎯᏳ ᎢᎦ ᎠᏥᏌᎳᏓᏅ, ᎦᏳᎳ ᎦᎸᏉᏗᏳ ᎠᏓᏅᏙ ᎤᏩᏔᏅᎯ ᏧᏁᏤᎸᎯ ᏂᎨᏎ ᎨᏥᏅᏏᏛ ᎾᏍᎩ ᏧᏑᏰᏛ.
մինչեւ այն օրը՝ երբ Սուրբ Հոգիին միջոցով պատուէրներ տուաւ իր ընտրած առաքեալներուն, ու համբարձաւ:
3 ᎾᏍᎩ ᎾᏍᏉ ᎬᏃᏛ ᎬᏂᎨᏒ ᏂᏚᏛᏁᎴᎢ, ᎤᎩᎵᏲᏨᎯ ᏂᎨᏎᎢ, ᎤᏣᏘ ᏄᏜᏓᏏᏛᏒᎾ ᎠᏙᎴᎰᎯᏍᏙᏗ ᎬᏗᏍᎬᎢ, ᏅᎦᏍᎪᎯ ᏧᏒᎯᏛ ᎬᏩᎪᎲᎢ, ᎠᎴ ᎤᏁᎳᏅᎯ ᎤᎬᏫᏳᎯ ᎨᏒ ᎤᎬᏩᎵ ᎤᏃᎮᎸᎯ ᏂᎨᏎᎢ.
Նաեւ ինքզինք ողջ ցոյց տուաւ անոնց իր չարչարանքներէն ետք՝ շատ ապացոյցներով, քառասուն օր տեսնուելով անոնցմէ եւ խօսելով Աստուծոյ թագաւորութեան մասին:
4 ᏚᏂᎳᏫᏨᏃ ᏚᏁᏤᎴ ᏥᎷᏏᎵᎻ ᎤᏂᏄᎪᎢᏍᏗᏱ ᏂᎨᏒᎾ, ᎤᏂᎦᏘᏗᏍᏗᏱᏍᎩᏂ ᎠᎦᏴᎵᎨ ᎤᏚᎢᏍᏔᏅᎢ, ᎾᏍᎩ ᏍᎩᏯᏛᎦᏁᎸᎯ ᏥᎩ, [ ᏚᏬᏎᎴᎢ.]
Անոնց հետ եղած ատեն հրամայեց անոնց՝ որ Երուսաղէմէն չհեռանան, հապա սպասեն Հօրը խոստումին՝ «որ ինձմէ լսեցիք», ըսաւ.
5 ᏣᏂᏰᏃ ᎤᏙᎯᏳᎯ ᎠᎹ ᏓᏓᏬᏍᏗᏍᎬᎩ; ᏂᎯᏍᎩᏂ ᎦᎸᏉᏗᏳ ᎠᏓᏅᏙ ᏙᏓᏰᏣᏬᏍᏔᏂ ᎢᎸᏍᎩᏉ ᎢᏳᏒᎯ.
«որովհետեւ իրաւ է թէ Յովհաննէս մկրտեց ջուրով, բայց դուք՝ շատ օրեր չանցած՝ պիտի մկրտուիք Սուրբ Հոգիո՛վ»:
6 ᎿᎭᏉᏃ ᎤᎾᏓᏟᏌᏅ ᎬᏩᏛᏛᏁᎢ, ᎯᎠ ᏄᏂᏪᏎᎢ; ᏣᎬᏫᏳᎯ, ᎿᎭᏉᏍᎪ ᎠᏰᎵ ᎪᏢᏒ ᏙᏛᎯᏁᎵ ᎢᏏᎵ?
Անոնք ալ համախմբուելով՝ հարցուցին իրեն. «Տէ՛ր, այս ժամանակի՞ն պիտի վերահաստատես Իսրայէլի թագաւորութիւնը»:
7 ᎠᏎᏃ ᎯᎠ ᏂᏚᏪᏎᎴᎢ; ᎥᏝ ᏂᎯ ᎢᏥᎦᏙᎥᎯᏍᏗ ᏱᎩ ᎢᏳ ᎠᎴ ᎾᎯᏳ ᏕᎨᏌᏗᏒᎢ, ᎾᏍᎩ ᎠᎦᏴᎵᎨ ᎤᏩᏒ ᎢᏧᏩᏁᎵᏓᏍᏗ ᏥᏄᏩᏅ.
Ըսաւ անոնց. «Ձեզի չի վերաբերիր գիտնալ ժամանակներն ու ատենները, որ Հայրը իր իշխանութեան մէջ դրաւ.
8 ᎠᏎᏃ ᏓᏰᏣᎵᏂᎪᎯᏍᏔᏂ ᎦᎸᏉᏗᏳ ᎠᏓᏅᏙ ᎢᏥᎷᏤᎸᎭ, ᎠᎴ ᏍᎩᏃᎮᏍᎩ ᎨᏎᏍᏗ ᏥᎷᏏᎵᎻ ᎠᎴ ᏂᎬᎾᏛ ᏧᏗᏱ ᎠᎴ ᏌᎺᎵᏱ ᎠᎴ ᏂᎬᎾᏛ ᎡᎶᎯ.
բայց Սուրբ Հոգիին ձեր վրայ եկած ատենը՝ զօրութիւն պիտի ստանաք, եւ ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ, ամբողջ Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ երկրի ծայրերը»:
9 ᎾᏍᎩᏃ ᎯᎠ ᏄᏪᏒ, ᎠᏏᏉ ᎤᎾᎦᏙᏍᏕ ᎠᏥᏌᎳᏓᏁᎢ, ᎤᎶᎩᎸᏃ ᏭᏕᎵᏤ ᏓᏂᎧᏅᎢ.
Երբ խօսեցաւ այս բաները, մինչ կը նայէին՝ համբարձաւ, եւ ամպ մը վերցուց զայն անոնց աչքերէն:
10 ᎠᏏᏉᏃ ᏭᎶᏒ ᎤᏯᏅᏒᎯ ᏫᏓᏂᎧᏁ ᎦᎸᎳᏗ, ᎬᏂᏳᏉ ᎠᏂᏔᎵ ᎠᏂᏍᎦᏯ ᏧᏁᎬ ᏧᎾᏄᏫ ᎤᎶᏗᏢ ᏚᎾᎴᏂᎴᎢ;
Մինչ ակնապիշ կը նայէին դէպի երկինք՝ երբ ան վեր կ՚ելլէր, ահա՛ երկու մարդիկ՝ ճերմակ տարազով՝ կայնեցան իրենց քով
11 ᎾᏍᎩᏃ ᎯᎠ ᏄᏂᏪᏎᎢ; ᎢᏥᏍᎦᏯ ᎨᎵᎵ ᎢᏤᎯ, ᎦᏙᏃ ᎢᏥᏙᎾᎠ ᎦᎸᎳᏗ ᏫᏙᏥᎧᎿᎭ ᎾᏍᎩ ᎯᎠ ᏥᏌ ᏤᏥᏯᏅᏏ ᎦᎸᎳᏗ ᏥᏫᎦᎶᎯ ᎾᏍᎩᏯ ᏅᏛᏛᏁᎵ ᏓᎦᎷᏥ ᏤᏥᎪᏩᏛ ᎦᎸᎳᏗ ᏥᏫᎦᎶᎯ.
եւ ըսին. «Գալիլեացի՛ մարդիկ, ինչո՞ւ կայնած՝ կը նայիք դէպի երկինք. այս Յիսուսը՝ որ երկինք համբարձաւ ձեզմէ, նո՛յնպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»:
12 ᎿᎭᏉᏃ ᏥᎷᏏᎵᎻ ᏫᎤᏂᎶᏎᎢ ᎣᎵᏩ ᏧᏙᎢᏛ ᎤᏌᎯᎸ ᎤᎾᏓᏅᏎᎢ, ᎾᏍᎩ ᏥᎷᏏᎵᎻ ᎾᎥ ᏥᎩ ᎤᎾᏙᏓᏆᏍᎬ ᎢᎦ ᎡᏅᏍᏗ ᎢᏴᏛ ᏥᎩ.
Այն ատեն Երուսաղէմ վերադարձան Ձիթենիներու կոչուած լեռնէն, որ Շաբաթ օրուան ճամբայի չափ մօտ է Երուսաղէմի:
13 ᎤᏂᏴᎸᏃ, ᎤᎾᎩᎳᏫᏎ ᎦᎸᎳᏗ ᎧᏅᏑᎸ ᏭᏂᏴᎴᎢ, ᎾᎿᎭᏃ ᎠᏂᏁ ᏈᏓ ᎠᎴ ᏥᎻ ᎠᎴ ᏣᏂ ᎠᎴ ᎡᏂᏗ, ᏈᎵᎩᏃ ᎠᎴ ᏓᎻ, ᏆᏓᎳᎻ ᎠᎴ ᎹᏚ, ᏥᎻᏃ ᎡᎵᏈ ᎤᏪᏥ ᎠᎴ ᏌᏩᏂ ᎠᏏᎶᏗ, ᏧᏓᏏᏃ ᏥᎻ ᏗᎾᏓᏅᏟ.
Երբ մտան քաղաքը՝ բարձրացան վերնատունը, ուր կը բնակէին Պետրոս ու Յակոբոս, Յովհաննէս եւ Անդրէաս, Փիլիպպոս ու Թովմաս, Բարթողոմէոս եւ Մատթէոս, Յակոբոս Ալփէոսեան ու Սիմոն Նախանձայոյզ եւ Յուդա Յակոբեան:
14 ᎾᏍᎩ ᎯᎠ ᏂᎦᏛ ᏌᏉ ᎢᎦᎦᏛ ᎾᏂᏲᎯᏍᏗᏍᎬᎾ ᎠᎾᏓᏙᎵᏍᏗᏍᎨᎢ ᎠᎴ ᎠᏂᏔᏲᎯᎮᎢ, ᎠᎴ ᎾᏍᏉ ᎠᏂᎨᏴ, ᎠᎴ ᎺᎵ ᏥᏌ ᎤᏥ, ᎠᎴ ᏥᏌ ᎠᎾᎵᏅᏟ.
Ասոնք բոլորը միաբանութեամբ կը յարատեւէին աղօթքի եւ աղերսանքի մէջ՝ կիներուն հետ, ու Յիսուսի մօր՝ Մարիամի եւ անոր եղբայրներուն հետ:
15 ᎾᎯᏳᏃ ᏈᏓ ᎤᎴᏁ ᎠᏰᎵ ᎠᏂᏅ ᎠᏃᎯᏳᎲᏍᎩ, ᎾᏍᎩ ᎾᏂᎥ ᏚᎾᏙᎥ ᎠᏍᎪᎯᏧᏈ ᏔᎳᏍᎪᎯ ᎢᏴᏛ ᎨᏎᎢ, ᎯᎠᏃ ᏄᏪᏎᎢ;
Այդ օրերը՝ Պետրոս կանգնեցաւ աշակերտներուն մէջ, (հաւաքուած բազմութիւնը հարիւր քսան հոգիի չափ էր, ) եւ ըսաւ.
16 ᎢᏥᏍᎦᏯ ᏗᏓᏓᏅᏟ, ᎯᎠ ᎪᏪᎸ ᎠᏎ ᎤᏙᎯᏳᏗ ᎨᏒᎩ, ᎾᏍᎩ ᎦᎸᏉᏗᏳ ᎠᏓᏅᏙ ᏕᏫ ᎠᎰᎵ ᏧᏩᏔᏁ ᏧᏁᏤ ᏧᏓᏏ ᎠᏥᏃᎮᏍᎬᎢ, ᎾᏍᎩ ᏧᏘᏂᏙᎸᎯ ᏥᏌ ᏥᎬᏩᏂᏱᏍᎬᎩ;
«Մարդի՛կ եղբայրներ, պէ՛տք էր որ իրագործուէր այն գրուածը, որ նախապէս Սուրբ Հոգին ըսեր էր Դաւիթի բերանով՝ Յուդայի մասին, որ առաջնորդ եղաւ Յիսուսը բռնողներուն.
17 ᎾᏍᎩᏰᏃ ᎠᏴ ᎡᎦᎵᎪᏔᏅᎯ ᏥᎨᏒᎩ, ᎠᎴ ᎠᎨᎳᏗᏍᏔᏅᎯ ᏥᎨᏒ ᎯᎠ ᏗᎦᎸᏫᏍᏓᏁᏗ ᎨᏒᎢ.
որովհետեւ ան մեզի հետ՝ մեր համրանքէն էր, եւ բաժին վիճակուած էր անոր այս սպասարկութենէն:
18 ᎾᏍᎩᏃ ᎤᏍᎦᏅᏨᎢ ᏧᎬᏩᎳᏅᎯ ᏥᎤᏩᎯᏍᏔᏁ ᏠᎨᏏ, ᎤᏙᎠᏒᏃ ᏧᏣᎷᏘᏎᎢ, ᎠᎴ ᏂᎦᏛ ᏧᎵᎩᏏ ᏥᏚᏄᎪᏤᎢ.
Ուրեմն ասիկա տիրացաւ ագարակի մը՝ անիրաւութեան վարձքով, ու գլխիվայր իյնալով՝ մէջտեղէն ճեղքուեցաւ, եւ իր բոլոր աղիքները դուրս թափեցան:
19 ᎾᏍᎩᏃ ᏂᎦᏛ ᏥᎷᏏᎵᎻ ᎠᏁᎯ ᎤᎾᏛᎦᏅᎩ, ᎾᏍᎩᏰᏃ ᏠᎨᏏ ᎤᎾᏤᎵᎦᏯ ᎤᏂᏬᏂᎯᏍᏗ ᎨᏒ ᎠᏅᏗᏍᎬ ᎠᏎᎵᏓᎹ ᏕᎤᏙᎥ, ᎾᏍᎩ ᎩᎬᏱ ᎦᏛᎦ.
Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները գիտցան այս բանը, այնպէս որ այդ ագարակը կոչուեցաւ իրենց բարբառով Ակեղդամա, այսինքն՝ Արիւնի ագարակ:
20 ᎯᎠᏰᏃ ᏂᎬᏅ ᎪᏪᎳ ᏗᎧᏃᎩᏍᏗ ᎪᏪᎵᎯ, “ᎦᏁᎸᎢ ᏅᏔ ᏫᏂᎦᎵᏍᏓ, ᎠᎴ ᏞᏍᏗ ᎩᎶ ᎾᎿᎭᏳᏁᎳᏕᏍᏗ;” ᎠᎴ ᎾᏍᏉ ᎯᎠ ᏂᎬᏅ, “ᏧᎸᏫᏍᏓᏁᏗ ᎨᏒ ᏅᏩᏓᎴ ᏩᎩᏍᏓ.”
Որովհետեւ գրուած է Սաղմոսներու գիրքին մէջ. “Անոր բնակարանը ամայի թող ըլլայ, եւ անոր մէջ ո՛չ մէկը բնակի”, նաեւ. “Անոր պաշտօնը ուրի՛շը առնէ”:
21 ᎾᏍᎩ ᎢᏳᏍᏗ ᎯᎠ ᎾᏍᎩ ᎠᏂᏍᎦᏯ ᎢᎨᏙᎸᎯ ᏥᎩ ᏂᎪᎯᎸ ᎤᎬᏫᏳᎯ ᏥᏌ ᎢᎨᎳᏗᏙᎸᎢ,
Ուրեմն պէտք է որ այս մարդոցմէն՝ որոնք մեզի հետ էին այն ամբողջ ժամանակը, երբ Տէր Յիսուս մտաւ ու ելաւ մեր մէջ,
22 ᏣᏂ ᏥᏓᏓᏬᏍᎬᎢ ᏅᏓᎬᏩᏓᎴᏅᏛ, ᎬᏂ ᎾᎯᏳ ᎢᎦ ᏣᏥᏌᎳᏓᏅ ᏤᎩᏯᏅᎡᎸᎩ, ᎾᏍᎩ ᎯᎠ ᎠᏂᏍᎦᏯ ᎠᏎ ᏌᏉ ᎠᏑᏰᏍᏍᏗ, ᎾᏍᎩ ᎢᎨᎳᏗᏓᏍᏗᏱ ᎤᏃᎮᏗᏱ ᏥᏌ ᏕᎤᎴᎯᏌᏅ ᎢᏗᏃᎮᏍᎬᎢ.
Յովհաննէսի մկրտութենէն սկսեալ մինչեւ այն օրը՝ երբ համբարձաւ մեզմէ, ասոնցմէ մէկը մեզի հետ վկայ ըլլայ անոր յարութեան»:
23 ᎠᏂᏔᎵᏃ ᏚᏂᎧᏁᎢ, ᏦᏩ ᏆᏏᏆ ᏧᏙᎢᏛ, ᏣᏍᏓ ᏣᎪᏎᎰᎢ, ᎹᏓᏯᏃ.
Ուստի երկու հոգի կայնեցուցին, Յովսէփը՝ որ Բարսաբա կը կոչուէր եւ Յուստոս մականուանուեցաւ, ու Մատաթիան,
24 ᎤᎾᏓᏙᎵᏍᏔᏁᏃ ᎯᎠ ᏄᏂᏪᏎᎢ; ᏂᎯ ᏣᎬᏫᏳᎯ, ᏂᎦᏛ ᏧᏂᎾᏫ ᏘᎦᏔᎯ, ᎬᏂᎨᏒ ᏅᎦ ᎾᏍᎩ ᎯᎠ ᎠᏂᏔᎵ ᎨᏒ ᎾᏍᎩ ᎯᏯᏑᏰᏒᎢ,
եւ աղօթելով՝ ըսին. «Տէ՛ր, դուն որ կը ճանչնաս բոլորին սիրտերը, յայտնէ՛ մեզի թէ ո՛ր մէկը ընտրեցիր այս երկուքէն.
25 ᎤᏪᎳᏗᏓᏍᏗᏱ ᎯᎠ ᏗᎦᎸᏫᏍᏓᏁᏗ ᎠᎴ ᎠᏓᏅᏏᏛ ᎨᏒᎢ, ᎾᏍᎩ ᏧᏓᏏ ᏥᏚᏲᏒᎩ ᎤᏩᏒ ᎤᏤᎵᎪᎯ ᏭᎶᎯᏍᏗᏱ.
որպէսզի բաժին առնէ այս սպասարկութենէն ու առաքելութենէն, որմէ Յուդա ինկաւ՝ երթալու համար իր տեղը»:
26 ᎿᎭᏉᏃ ᏚᎾᏎᏒᎮᎢ; ᎹᏓᏯᏃ ᎠᎦᏑᏰᏎᎢ; ᎠᎴ ᎠᎨᎳᏕ ᏌᏚ ᎾᏂᎥ ᎨᏥᏅᏏᏛ ᎤᎾᏓᏡᎬᎢ.
Եւ անոնց համար վիճակ ձգեցին, ու վիճակը ելաւ Մատաթիայի. եւ ան համրուեցաւ տասնմէկ առաքեալներուն հետ:

< ᎨᏥᏅᏏᏛ ᏄᎾᏛᏁᎵᏙᎸᎢ 1 >