< ᎨᏥᏅᏏᏛ ᏄᎾᏛᏁᎵᏙᎸᎢ 28 >

1 ᎤᎾᏛᏂᏛᏃ ᎩᎳ ᎤᎾᏙᎴᎰᏒᎩ ᎾᏍᎩ ᎠᎹᏰᎵ ᎻᎳᏗ ᏚᏙᎥᎢ,
Երբ փրկուեցան, գիտցան թէ այդ կղզիին անունը Մելիտէ էր: Բնիկ ժողովուրդը արտասովոր մարդասիրութիւն ցոյց տուաւ մեզի.
2 ᏅᏩᎾᏓᎴᏃ ᏴᏫ ᎾᎿᎭᎠᏁᎯ ᎤᏣᏘ ᎣᏏᏳ ᎪᎩᏍᏆᏂᎪᏔᏅᎩ; ᎤᏃᏔᏅᏰᏃ ᏕᎪᎦᏓᏂᎸᏨᎩ ᏂᎦᏛ, ᏅᏓᎦᎵᏍᏙᏗᏍᎬᎩ ᎠᎦᏍᎬᎢ ᎠᎴ ᎤᏴᏢᎢ.
որովհետեւ կրակ վառեցին եւ մեզ բոլորս ալ ընդունեցին՝ եկած անձրեւին ու ցուրտին պատճառով:
3 ᏉᎳᏃ ᏫᏚᏭᏕᏒ ᏏᏄᎩᏝᏅᎯ ᎠᏓ, ᎠᎴ ᏚᎲᏔᏅ, ᎢᎾᏛ ᎤᏗᎴᎬ ᏓᏳᎾᏄᎪᏨᎩ ᎤᏬᏰᏂ ᎤᏪᏖᎳᏛᏨᎩ.
Երբ Պօղոս առատ խռիւ ժողվեց եւ դրաւ կրակին վրայ, ջերմութենէն իժ մը ելաւ ու կառչեցաւ անոր ձեռքին:
4 ᎾᏍᎩᏃ ᏅᏩᎾᏓᎴ ᏴᏫ ᎤᏂᎪᎲ ᎢᎾᏛ ᎦᏖᎳᏛ ᎤᏬᏰᏂ, ᎯᎠ ᏂᏚᎾᏓᏪᏎᎸᎩ; ᎥᏝ ᏳᏝᏏᏛᎭ ᎯᎠ ᎠᏍᎦᏯ ᏴᏫ ᏗᎯᎯ ᎨᏒᎢ; ᎤᏙᎯᏳᎯᏍᎩᏂᏃᏅ ᎾᏍᎩ ᎠᎺᏉᎯ ᎠᏗᏫᏏ, ᎠᏎᏃ ᎤᏞᎩ ᎥᏝ ᎬᏁᏍᏗ ᏳᏪᎵᏎᎭ.
Երբ բնիկները տեսան այդ անասունը՝ կախուած անոր ձեռքէն, ըսին իրարու. «Անշուշտ ասիկա մարդասպան մըն է. թէպէտ փրկուեցաւ ծովէն, արդարութիւնը չթոյլատրեց որ ան ապրի»:
5 ᎠᏥᎸᏱᏃ ᏭᏙᎥᏔᏅᎩ ᎢᎾᏛ, ᎠᎴ ᎥᏝ ᎪᎱᏍᏗ ᏳᎵᏍᏔᏁᎢ.
Իսկ ինք թօթուեց անասունը կրակին մէջ, եւ ո՛չ մէկ վնաս կրեց:
6 ᎠᏎᏃ ᎤᎾᎦᏙᏍᏔᏅᎩ, ᏓᎪᏘᏏ ᎠᎴ ᎤᏲᎱᏒᎯ ᏓᎦᏅᏥ ᏛᏰᎶᎢᏍᏔᏂ, ᎠᏁᎵᏍᎬᎩ; ᎠᏎᏃ ᎤᏬᎯᏨ ᎤᎾᎦᏙᏍᏔᏅ, ᎠᎴ ᎤᎾᏙᎴᎰᏒ ᎪᎱᏍᏗ ᏄᎵᏍᏓᏁᎸᎾ ᎨᏒᎢ, ᎤᏂᏁᏟᏴᏒᎩ ᏄᏍᏛ ᎠᎾᏓᏅᏖᏍᎬᎢ, ᎠᎴ ᎦᎸᎳᏗ ᎡᎯ, ᎤᎾᏛᏅᎩ.
Անոնք ալ կը սպասէին որ ան ուռի, կամ յանկարծ մեռած իյնայ. բայց երբ շատ սպասեցին ու տեսան թէ ո՛չ մէկ անտեղի բան եղաւ անոր, իրենց կարծիքը փոխելով ըսին թէ “աստուած մըն է”:
7 ᎾᎿᎭᏃ ᎾᎥ ᏚᎶᎨᏒᎩ ᏄᎬᏫᏳᏒ ᎠᏍᎦᏯ ᎾᎿᎭᎠᎹᏰᎵ ᎤᏪᎧᎲᎢ, ᏆᏟᏯ ᏧᏙᎢᏛ; ᎾᏍᎩ ᏙᎦᏓᏂᎸᏨᎩ, ᎠᎴ ᏦᎢ ᏧᏒᎯᏛ ᎤᏙᎵᏍᏙᏏᏳ ᎣᎩᏍᏆᏂᎪᏔᏅᎩ ᎦᏁᎸᎢ.
Այդ տեղին շրջակայքը կը գտնուէին ագարակները կղզիին գլխաւոր մարդուն, որուն անունը Պոպղիոս էր: Ան ընդունեց մեզ, եւ բարեսրտութեամբ հիւրընկալեց մեզ երեք օր:
8 ᎯᎠᏃ ᏄᎵᏍᏔᏅᎩ, ᎾᏍᎩ ᏆᏟᏯ ᎤᏙᏓ ᎦᏅᎬᎩ ᎤᏗᎴᎲᏍᎬᎩ ᎠᎴ ᎩᎬ ᏚᏩᎫᏍᎬᎩ, ᎾᏍᎩ ᏉᎳ ᎤᏴᎸᎩ ᎦᏅᎬᎢ, ᎤᏓᏙᎵᏍᏔᏅᏃ ᎠᎴ ᏚᏏᏔᏛ ᎤᏅᏩᏅᎩ.
Պոպղիոսի հայրը կը պառկէր՝ տենդով ու թանչքով հիւանդացած: Պօղոս մտաւ անոր քով, եւ աղօթելով՝ ձեռքերը դրաւ անոր վրայ ու բժշկեց զայն:
9 ᎾᏍᎩᏃ ᏄᎵᏍᏔᏅ, ᏅᏩᎾᏓᎴ ᎾᏍᏉ ᏧᏂᏢᎩ ᎾᎿᎭᎠᎹᏰᎵ ᎠᏁᎯ ᎤᏂᎷᏨᎩ, ᎠᎴ ᏕᎨᏥᏅᏩᏅᎩ;
Երբ ասիկա պատահեցաւ, ուրիշ հիւանդներ ալ՝ որ այդ կղզիին մէջ կը գտնուէին՝ եկան եւ բուժուեցան:
10 ᎾᏍᎩ ᎾᏍᏉ ᎪᎩᎸᏉᏗᏍᎬᎢ ᎤᏣᏛᎩ ᎪᎩᏁᎸᏅᎩ; ᎢᎣᎦᏂᎩᏒᏃ ᎪᎦᎵᏁᏌᎳᏁᎸᎩ ᏧᏓᎴᎳᏅᏛ ᎣᎦᎵᏍᏕᎸᏙᏗ.
Ասոնք ալ մեծապէս պատուեցին մեզ, ու երբ կը մեկնէինք՝ հայթայթեցին մեզի պէտք եղած բաները:
11 ᏦᎢᏃ ᎢᏯᏅᏙ ᎤᎶᏐᏅ ᎣᎦᏂᎩᏒᎩ, ᎣᎦᏣᏅᎩ ᏥᏳᎯ ᎡᎵᎩᏱ ᎡᎯ, ᎾᎿᎭᎠᎹᏰᎵ ᏏᎪᎳᏗᏱᏍᎩ ᎤᏂᏔᎳᏛᎯ, ᎾᏍᎩ ᎪᎵᏍᏙᏗ ᎧᏍᏓ ᎠᎴ ᏉᎳᏥ ᎪᏪᎸᎩ.
Երեք ամիս ետք՝ մեկնեցանք աղեքսանդրիական նաւով մը, որ ձմերած էր այդ կղզին եւ ունէր Դիոսկուրացիներուն զինանշանը:
12 ᏌᎴᎫᏏᏃ ᎣᎦᏚᎩᏒ, ᎾᎿᎭᏦᎢ ᏃᎩᏒᎸᎩ.
Սիրակուսա իջնելով՝ երեք օր մնացինք հոն.
13 ᎾᎿᎭᏃ ᏫᎣᎨᏅ ᎠᎪᎸᏛ ᏬᎩᏅᏍᏔᏅᎩ, ᎵᏥᏯ ᏬᎩᎷᏨᎩ. ᏑᏙᏓᏆᏛᏃ ᎤᎶᏐᏅ ᏧᎦᎾᏮ ᎢᏗᏢ ᏓᏳᏃᎸᏔᏅᎩ; ᎤᎩᏨᏛᏃ ᏇᏗᎣᎵ ᏬᎩᎷᏨᎩ.
անկէ ալ շրջագայելով՝ հասանք Հռեգիոն: Մէկ օր ետք, երբ հարաւային հովը փչեց, երկրորդ օրը հասանք Պատեողոս:
14 ᎾᎿᎭᏙᏥᏩᏛᎲᎩ ᎣᏣᏓᏅᏟ, ᎠᎴ ᎪᎩᏔᏲᏎᎸᎩ ᎦᎸᏉᎩ ᏧᏒᎯᏛ ᏓᏂᏁᎸ ᎣᎦᏅᏗᏱ. ᎿᎭᏉᏃ ᎶᎻ ᏫᏚᏳᎪᏛ ᏬᎩᎶᏒᎩ.
Հոն գտանք եղբայրներ, որոնք աղաչեցին որ եօթը օր մնանք իրենց քով. եւ այսպէս գացինք Հռոմ:
15 ᎾᎿᎭᏃ ᎠᎾᏓᏅᏟ ᏗᎪᎦᏛᎦᏅ, ᎡᏈᏲᎢ ᎢᏴᏛ ᎠᎴ ᏦᎢ-ᎢᏗᎵᏍᏓᏴᏗᏱ ᏕᎪᎦᏠᏏᎸᎩ; ᏉᎳ ᎾᏍᎩ ᏚᎪᎲ ᎤᎵᎮᎵᏤᎸᎩ ᎤᏁᎳᏅᎯ, ᎠᎴ ᎤᎦᎵᏍᏗ ᎤᏓᏅᏓᏛᎩ.
Երբ եղբայրները լսեցին մեր մասին, անկէ եկան մինչեւ Ապփիոսի Հրապարակը ու Երեք Պանդոկները՝ դիմաւորելու մեզ: Պօղոս ալ տեսնելով զանոնք՝ շնորհակալ եղաւ Աստուծմէ եւ քաջալերուեցաւ:
16 ᎶᎻᏃ ᏬᎩᎷᏨ, ᎠᏍᎪᎯᏧᏈ ᏗᏘᏂᏙᎯ ᎠᏂᏴᎩ ᏚᏲᎯᏎᎸᎩ ᎤᎬᏫᏳᎯᎠᏂᎦᏘᏯ ᏗᏘᏂᏙᎯ; ᏉᎳᏍᎩᏂ ᎠᎦᎵᏍᎪᎸᏁᎸᎩ ᎤᏁᎳᎩ ᎤᏩᏒ ᎤᏕᏗᏱ, ᎠᎴ ᎠᏯᏫᏍᎩ ᎤᎦᏘᏗᏍᏗᏱ.
Երբ մտանք Հռոմ, հարիւրապետը յանձնեց բանտարկեալները զօրագլուխին. իսկ Պօղոսի արտօնուեցաւ որ առանձին բնակի՝ զինք պահող զինուորի մը հետ:
17 ᏦᎢᏃ ᏫᏄᏒᎸ ᎯᎠ ᏄᎵᏍᏔᏅᎩ; ᏉᎳ ᏚᏪᏟᏌᏅᎩ ᏄᏂᎬᏫᏳᏒ ᎠᏂᏧᏏ; ᎤᎾᏓᏟᏌᏅᏃ ᎯᎠ ᏂᏚᏪᏎᎸᎩ; ᎢᏥᏍᎦᏯ ᎢᏓᏓᏅᏟ, ᎠᏴ ᎥᏝ ᎪᎱᏍᏗ ᎦᏥᏍᎦᏅᏤᎸᎯ ᏱᎩ ᏗᎦᏤᎵ ᏴᏫ, ᎥᏝ ᎠᎴ ᎠᎩᏲᏍᏔᏅᎯ ᏱᎩ ᏗᎧᎿᎭᏩᏛᏍᏗ ᏗᎩᎦᏴᎵᎨ ᎨᎩᏁᎸᎯ; ᎠᏎᏃ ᏥᎷᏏᎵᎻ ᏥᏴᎩ ᏓᎬᏆᏘᎾᏫᏛᎲᎩ ᏕᎬᎩᏲᏒᎩ ᎠᏂᎶᎻᏱ.
Երեք օր ետք ան հրաւիրեց Հրեաներուն գլխաւորները, ու երբ համախմբուեցան՝ ըսաւ անոնց. «Մարդի՛կ եղբայրներ, թէպէտ ես ժողովուրդին կամ հայրենական սովորութիւններուն դէմ ոչինչ ըրեր էի, Երուսաղէմի մէջ Հռոմայեցիներուն ձեռքը մատնուեցայ իբր բանտարկեալ:
18 ᎾᏍᎩ ᎬᎩᎪᎵᏰᎥ, ᏱᏗᎬᎩᏲᏎᎢ, ᎥᏝᏰᏃ ᎪᎱᏍᏗ ᎠᏲᎱᎯᏍᏗ ᎬᎩᏍᏛᏗᏍᏗ ᏱᎬᎩᏩᏛᎡᎴᎢ.
Երբ անոնք հարցաքննեցին զիս՝ ուզեցին արձակել, որովհետեւ իմ վրաս մահուան արժանի ո՛չ մէկ պատճառ կար:
19 ᎠᏎᏃ ᎠᏂᏧᏏ ᎠᏂᏁᎬ ᎾᏍᎩ ᎤᏂᏐᏅᏤᎸ, ᎠᏎ ᏏᏐᎢ ᏩᎩᎲᏍᏙᏗ ᎾᏆᎵᏍᏓᏁᎸᎩ; ᎥᏝᏍᎩᏂᏃᏅ ᎪᎱᏍᏗ ᏯᎩᎮᎢ ᎦᏥᏳᎢᏍᏙᏗ ᏗᏆᏤᎵᎦ ᏴᏫ.
Բայց երբ Հրեաները հակաճառեցին, հարկադրուեցայ բողոքել կայսրին, սակայն առանց որեւէ ամբաստանութիւն ունենալու ազգիս դէմ:
20 ᎾᏍᎩ ᏅᏓᎦᎵᏍᏙᏓ ᏥᏫᏨᏯᏅ ᎢᏨᎪᏩᏛᏗᏱ ᎠᎴ ᎢᎦᎵᏃᎮᏗᏱ, ᎢᏏᎵᏰᏃ ᎤᏚᎩ ᎤᏅᏒᎢ ᏅᏧᎵᏍᏙᏔᏅ ᎯᎠ ᏧᏓᏕᏒᏛ ᏨᏆᎸᏍᏗ.
Ուրեմն ասոր համար կանչեցի ձեզ՝ որպէսզի տեսնեմ ձեզ եւ խօսիմ ձեզի. որովհետեւ Իսրայէլի յոյսին համար կը կրեմ այս շղթան»:
21 ᎯᎠᏃ ᏅᎬᏩᏪᏎᎸᎩ; ᎥᏝ ᏂᎯ ᎡᏣᏃᎮᏍᎬ ᎪᏪᎵ ᏧᏗᏱ ᏂᏙᏓᏳᏃᏪᎳᏅᎯ ᏱᏙᎩᏃᎮᎭ, ᎥᏝ ᎠᎴ ᎩᎶ ᎢᏓᏓᏅᏟ ᎾᎿᎭᏅᏓᏳᏂᎶᏒᎯ ᎬᏂᎨᏒ ᏱᏂᎨᏨᏁᎴᎢ, ᎥᏝ ᎠᎴ ᎤᏐᏅ ᏱᎨᏣᏃᎮᎴᎢ.
Անոնք ալ ըսին իրեն. «Մենք քու մասիդ Հրէաստանէն ո՛չ գրութիւն ընդունեցինք, ո՛չ ալ եղբայրներէն մէկը հոս գալով՝ չարութիւն մը պատմեց կամ խօսեցաւ քու մասիդ:
22 ᎠᏎᏃ ᎣᎦᏚᎵᎭ ᎢᏨᏯᏛᎦᏁᏗᏱ ᏄᏍᏛ ᎭᏓᏅᏖᏍᎬᎢ, ᎯᎠᏰᏃ ᎤᎾᏓᏤᎵᏛ ᎤᎾᎵᎪᏒᎢ, ᎣᏥᎦᏔᎭ ᏂᎬᎾᏛ ᎨᏥᏃᎮᏍᎬ ᎨᎦᏡᏗᏍᎬᎢ.
Բայց արժանավայել է լսել քեզմէ թէ դուն ի՛նչ կը մտածես. որովհետեւ մենք տեղեկացած ենք այդ աղանդին մասին՝ թէ ամէնուրեք ատոր դէմ կը խօսին»:
23 ᏕᎬᏩᏒᏍᏓᏁᎸᏃ, ᎤᏂᏣᏛ ᎬᏩᎷᏤᎸᎩ ᎤᏪᏗᏱ; ᎾᏍᎩ ᎬᏂᎨᏒ ᏂᏚᏩᏁᎸᎩ, ᏚᏃᎮᎮᎸᎩ ᎤᏁᎳᏅᎯ ᎤᎬᏫᏳᎯ ᎨᏒᎢ, ᏑᎾᎴ ᎤᎴᏅᏛ ᎤᏒᎢ ᎬᏗᏍᎩ, ᏓᏍᏗᏰᏗᏍᎬ ᏥᏌ ᎧᏃᎮᏍᎬᎢ; ᏕᎬᏗᏍᎬ ᏗᎧᎿᎭᏩᏛᏍᏗ ᎼᏏ ᎤᏤᎵᎦ ᎠᎴ ᎠᎾᏙᎴᎰᏍᎩ.
Երբ որոշեցին օր մը անոր հետ, շատեր գացին անոր քով՝ իր հիւրանոցը: Անոնց կը բացատրէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ կը վկայէր անոր մասին. առտուընէ մինչեւ իրիկուն կը համոզէր զանոնք՝ փաստարկելով Յիսուսի մասին թէ՛ Մովսէսի Օրէնքէն, թէ՛ ալ Մարգարէներէն:
24 ᎢᎦᏛᏃ ᎤᏃᎯᏳᏅᎩ ᎾᏍᎩ ᎤᏬᏂᏒᎢ, ᎢᎦᏛᏃ ᎥᏝ ᏳᏃᎯᏳᏁᎢ.
Ոմանք անսացին ըսածներուն, ոմանք ալ չհաւատացին:
25 ᏚᎾᎦᎴᏅᎲᏃ ᏓᎾᏓᏅᏖᏍᎬᎢ ᏙᎤᏁᏅᏒᎩ, ᏉᎳᏍᎩᏂᏃᏅ ᎠᏏ ᏌᏉ ᎢᎧᏁᏨᎯ ᎤᏁᏨᎩ, ᎯᎠ ᏄᏪᏒᎩ; ᏰᎵᏉ ᎦᎸᏉᏗᏳ ᎠᏓᏅᏙ ᏥᏚᏁᏤᎴ ᏗᎩᎦᏴᎵᎨᎢ, ᎢᏌᏯ ᎠᏙᎴᎰᏍᎩ ᏧᏩᏔᏁᎢ,
Իրարու հետ չհամաձայնած՝ բաժնուեցան, երբ Պօղոս խօսք մըն ալ ըսաւ. «Սուրբ Հոգին ճիշդ խօսեցաւ մեր հայրերուն՝ Եսայի մարգարէին միջոցով,
26 ᎯᎠ ᏥᏄᏪᏎᎢ; “ᎯᎠ ᏴᏫ ᏘᏩᏛᎱᎦ, ᎠᎴ ᎯᎠ ᏫᏂᏫ; ᎢᏣᏛᎩᏍᎬᎢ ᎢᏣᏛᎩᏍᎨᏍᏗ, ᎠᏎᏃ ᎥᏝ ᏱᏦᎵᎨᏍᏗ, ᎠᎴ ᎢᏥᎪᏩᏘᏍᎬᎢ ᎢᏥᎪᏩᏘᏍᎨᏍᏗ ᎠᏎᏃ ᎥᏝ ᏱᏣᏙᎴᎰᏍᎨᏍᏗ.
ըսելով. “Գնա՛ այս ժողովուրդին եւ ըսէ՛. «Շատ պիտի լսէք՝ բայց պիտի չհասկնաք, շատ պիտի տեսնէք՝ բայց պիտի չըմբռնէք:
27 ᎯᎠᏰᏃ ᏴᏫ ᎤᏂᎾᏫ ᎤᎵᏦᎲᏒ, ᎠᎴ ᏓᏂᎵᎷᎬ ᎦᏂᎵᏳ ᎠᎾᏛᎩᎠ, ᎠᎴ ᏗᏂᎦᏙᎵ ᏚᏂᏍᏚᎭ; ᎾᏍᎩ ᏗᏂᎦᏙᎵ ᏗᎬᏩᏂᎪᏩᏛᏙᏗ ᏂᎨᏒᎾ, ᎠᎴ ᏓᏂᎵᎷᎬ ᏗᎬᏩᎾᏛᎪᏙᏗ ᏂᎨᏒᎾ, ᎠᎴ ᎤᏂᎾᏫ ᎬᏩᏃᎵᏍᏙᏗ ᏂᎨᏒᎾ, ᎠᎴ ᏚᎾᏓᏅᏛ ᏧᏏᏁᏟᏴᏍᏗᏱ ᏂᎨᏒᎾ ᎠᎴ ᏗᎦᎦᏥᏅᏬᏗ ᏂᎨᏒᎾ.”
Որովհետեւ այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ. իրենց ականջներով ծանր լսեցին եւ իրենց աչքերը գոցեցին, որպէսզի իրենց աչքերով չտեսնեն, ականջներով չլսեն, սիրտով չհասկնան եւ դարձի չգան, ու ես չբժշկեմ զանոնք»”:
28 ᎾᏍᎩ ᎢᏳᏍᏗ ᎢᏣᏅᏖᏍᏗ, ᎯᎠ ᎾᏍᎩ ᎠᎵᏍᏕᎸᏙᏗ ᎤᏁᎳᏅᎯ ᎤᏤᎵᎦ ᏧᎾᏓᎴᏅᏛ ᏴᏫ ᎨᏥᏁᎸᎯ, ᎠᎴ ᎾᏍᎩ ᏛᎾᏛᏓᏍᏔᏂ.
Ուրեմն գիտցէ՛ք թէ Աստուծոյ փրկութիւնը ղրկուեցաւ հեթանոսներուն, եւ անո՛նք մտիկ պիտի ընեն»:
29 ᎾᏍᎩᏃ ᏄᏪᏒ, ᎠᏂᏧᏏ ᎤᎾᏓᏅᏒᎩ, ᎤᏅᏒ ᎨᏒ ᎤᏣᏛᎩ ᏭᎾᎵᏃᎮᎸᎩ.
Ու երբ ըսաւ ասիկա, Հրեաները մեկնեցան՝ սաստիկ վիճաբանելով իրարու հետ:
30 ᏉᎳᏃ ᎤᏃᏍᏛ ᏔᎵ ᏧᏕᏘᏴᏛ ᎤᏁᎳᏛᎩ ᎤᏤᎵᎦ ᎤᏙᎳᏒᎯ ᎠᏓᏁᎸᎢ, ᎠᎴ ᏓᏓᏂᎸᎬᎩ ᏂᎦᏛ ᎬᏩᏩᏘᏍᎩ,
Պօղոս լման երկու տարի բնակեցաւ իր վարձած տունը,
31 ᎠᎵᏥᏙᎲᏍᎬᎩ ᎧᏃᎮᏍᎬᎩ ᎤᏁᎳᏅᎯ ᎤᎬᏫᏳᎯ ᎨᏒᎢ, ᎠᎴ ᏓᏕᏲᎲᏍᎬᎩ ᎧᏃᎮᏍᎬᎩ ᎤᎬᏫᏳᎯ ᏥᏌ ᎦᎶᏁᏛ, ᎤᏍᏗᎤᏅ ᎾᏍᎦᎢᎲᎾ, ᎠᎴ ᎩᎶ ᏄᏅᏍᏓᏕᎲᎾ.
ու կ՚ընդունէր բոլոր իրեն եկողները՝ քարոզելով Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ սորվեցնելով Տէր Յիսուս Քրիստոսի մասին՝ ամբողջ համարձակութեամբ, առանց արգելքի:

< ᎨᏥᏅᏏᏛ ᏄᎾᏛᏁᎵᏙᎸᎢ 28 >