< ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 11 >

1 Ինծի տրուեցաւ եղէգ մը՝ գաւազանի նման, եւ կայնած հրեշտակը ըսաւ. «Ոտքի՛ ելիր ու չափէ՛ Աստուծոյ տաճարը, զոհասեղանը, եւ անոր մէջ երկրպագողները:
有一根苇子赐给我,当作量度的杖;且有话说:“起来!将 神的殿和祭坛,并在殿中礼拜的人都量一量。
2 Բայց ձգէ՛ գաւիթը՝ որ տաճարէն դուրս է, ու մի՛ չափեր զայն, որովհետեւ ան տրուած է հեթանոսներուն. անոնք ոտնակոխ պիտի ընեն սուրբ քաղաքը՝ քառասուներկու ամիս:
只是殿外的院子要留下不用量,因为这是给了外邦人的;他们要践踏圣城四十二个月。
3 Ես զօրութիւն պիտի տամ իմ երկու վկաներուս, եւ անոնք՝ քուրձ հագած՝ պիտի մարգարէանան հազար երկու հարիւր վաթսուն օր:
我要使我那两个见证人,穿着毛衣,传道一千二百六十天。”
4 Ասոնք այն երկու ձիթենիներն ու երկու աշտանակներն են՝ որ կը կանգնին երկրի Տէրոջ առջեւ:
他们就是那两棵橄榄树,两个灯台,立在世界之主面前的。
5 Եթէ մէկը ուզէ վնասել անոնց, կրակ պիտի ելլէ անոնց բերանէն եւ պիտի լափէ իրենց թշնամիները. եթէ մէկը ուզէ վնասել անոնց, պէտք է որ ա՛յսպէս մեռցուի:
若有人想要害他们,就有火从他们口中出来,烧灭仇敌。凡想要害他们的都必这样被杀。
6 Ասոնք իշխանութիւն ունին երկինքը գոցելու, որպէսզի անձրեւ չտեղայ իրենց մարգարէութեան օրերը. իշխանութիւն ունին նաեւ ջուրերուն վրայ՝ արիւն դարձնելու զանոնք, եւ զարնելու երկիրը ամէն տեսակ պատուհասներով՝ քանի՛ անգամ որ ուզեն:
这二人有权柄,在他们传道的日子叫天闭塞不下雨;又有权柄叫水变为血,并且能随时随意用各样的灾殃攻击世界。
7 Երբ աւարտեն իրենց վկայութիւնը, այն ատեն անդունդէն բարձրացող գազանը պիտի պատերազմի անոնց հետ, պիտի յաղթէ անոնց եւ պիտի մեռցնէ զանոնք: (Abyssos g12)
他们作完见证的时候,那从无底坑里上来的兽必与他们交战,并且得胜,把他们杀了。 (Abyssos g12)
8 Անոնց դիակները ինկած պիտի մնան հրապարակին վրայ այն մեծ քաղաքին՝ որ հոգեւորապէս Սոդոմ ու Եգիպտոս կը կոչուի, ուր մեր Տէրն ալ խաչուեցաւ:
他们的尸首就倒在大城里的街上;这城按着灵意叫所多玛,又叫埃及,就是他们的主钉十字架之处。
9 Եւ ժողովուրդները, տոհմերը, լեզուներն ու ազգերը պիտի տեսնեն անոնց դիակները՝ երեք ու կէս օր, ու թոյլ պիտի չտան որ անոնց դիակները դրուին գերեզմանի մէջ:
从各民、各族、各方、各国中,有人观看他们的尸首三天半,又不许把尸首放在坟墓里。
10 Երկրի բնակիչները պիտի ուրախանան անոնց համար, պիտի զուարճանան, եւ մինչեւ անգամ ընծաներ պիտի ղրկեն իրարու. որովհետեւ այս երկու մարգարէները տանջած էին երկրի բնակիչները:
住在地上的人就为他们欢喜快乐,互相馈送礼物,因这两位先知曾叫住在地上的人受痛苦。
11 Երեք ու կէս օր ետք, Աստուծմէ եկող կեանքի հոգի մտաւ անոնց մէջ, կայնեցան իրենց ոտքերուն վրայ, ու մեծ վախ համակեց զիրենք տեսնողները՝՝:
过了这三天半,有生气从 神那里进入他们里面,他们就站起来;看见他们的人甚是害怕。
12 Լսեցին երկինքէն հզօր ձայն մը ՝ որ կ՚ըսէր իրենց. «Հո՛ս բարձրացէք»: Եւ ամպով մը երկինք բարձրացան, ու իրենց թշնամիներն ալ տեսան զիրենք:
两位先知听见有大声音从天上来,对他们说:“上到这里来。”他们就驾着云上了天,他们的仇敌也看见了。
13 Նոյն ժամուն հզօր երկրաշարժ մը եղաւ, եւ քաղաքին մէկ տասներորդը կործանեցաւ: Եօթը հազար մարդիկ սպաննուեցան այդ երկրաշարժէն. մնացողները վախցան ու փառք տուին երկինքի Աստուծոյն:
正在那时候,地大震动,城就倒塌了十分之一,因地震而死的有七千人;其余的都恐惧,归荣耀给天上的 神。
14 Երկրորդ վայը անցաւ. ահա՛ երրորդ վայը շուտո՛վ կու գայ:
第二样灾祸过去,第三样灾祸快到了。
15 Եօթներորդ հրեշտակը հնչեցուց փողը, ու երկինքի մէջ եղան հզօր ձայներ՝ որ կ՚ըսէին. «Աշխարհի թագաւորութիւնները եղան մեր Տէրոջ եւ իր Օծեալին, ու ան պիտի թագաւորէ դարէ դար՝՝»: (aiōn g165)
第七位天使吹号,天上就有大声音说: 世上的国成了我主和主基督的国; 他要作王,直到永永远远。 (aiōn g165)
16 Քսանչորս երէցները, որոնք բազմած էին իրենց գահերուն վրայ՝ Աստուծոյ առջեւ, ինկան իրենց երեսին վրայ ու երկրպագեցին Աստուծոյ՝ ըսելով.
在 神面前,坐在自己位上的二十四位长老,就面伏于地,敬拜 神,
17 «Քեզմէ շնորհակալ ենք, Տէ՛ր, Ամենակա՛լ Աստուած, որ ես եւ որ էիր, որովհետեւ կիրարկեցիր՝՝ քու մեծ զօրութիւնդ ու թագաւորեցիր:
说: 昔在、今在的主 神— 全能者啊,我们感谢你! 因你执掌大权作王了。
18 Ազգերը բարկացան. քու բարկութիւնդ եկաւ, նաեւ մեռելներուն ատենը՝ որպէսզի դատուին, եւ դուն վարձատրես քու ծառաներդ՝ մարգարէները, սուրբերն ու քու անունէդ վախցողները, պզտիկ թէ մեծ, եւ ապականես երկիրը ապականողները»:
外邦发怒,你的忿怒也临到了; 审判死人的时候也到了。 你的仆人众先知和众圣徒, 凡敬畏你名的人, 连大带小得赏赐的时候也到了。 你败坏那些败坏世界之人的时候也就到了。
19 Եւ Աստուծոյ տաճարը բացուեցաւ երկինքի մէջ. անոր ուխտին տապանակը երեւցաւ իր տաճարին մէջ, ու եղան փայլակներ, ձայներ, որոտումներ, երկրաշարժ եւ խոշոր կարկուտ:
当时, 神天上的殿开了,在他殿中现出他的约柜。随后有闪电、声音、雷轰、地震、大雹。

< ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 11 >