< ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 10 >

1 Տեսայ ուրիշ հզօր հրեշտակ մը՝ որ կ՚իջնէր երկինքէն: Հագած էր ամպ մը, եւ ծիածան մը կար իր գլուխին վրայ: Իր երեսը արեւի պէս էր, ու ոտքերը՝ կրակէ սիւներու պէս.
我又看見另有一位大力的天使從天降下,披着雲彩,頭上有虹,臉面像日頭,兩腳像火柱。
2 ձեռքին մէջ ունէր բացուած գրքոյկ մը: Իր աջ ոտքը դրաւ ծովուն վրայ, իսկ ձախը՝ ցամաքին վրայ,
他手裏拿着小書卷,是展開的。他右腳踏海,左腳踏地,
3 եւ բարձրաձայն աղաղակեց՝ առիւծի մը մռնչիւնին պէս: Երբ աղաղակեց, եօթը որոտումները խօսեցան իրենց ձայներով:
大聲呼喊,好像獅子吼叫。呼喊完了,就有七雷發聲。
4 Երբ եօթը որոտումները խօսեցան՝ ես պիտի գրէի, բայց լսեցի երկինքէն ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր. «Կնքէ՛ այն բաները՝ որ եօթը որոտումները խօսեցան, ու մի՛ գրեր զանոնք»:
七雷發聲之後,我正要寫出來,就聽見從天上有聲音說:「七雷所說的,你要封上,不可寫出來。」
5 Այն հրեշտակը որ տեսած էի՝ կայնած ծովուն վրայ եւ ցամաքին վրայ, իր (աջ) ձեռքը բարձրացուց երկինք,
我所看見的那踏海踏地的天使向天舉起右手來,
6 ու երդում ըրաւ անով՝ որ դարէ դար՝՝ կ՚ապրի, եւ ստեղծեց երկինքն ու ինչ որ անոր մէջ է, երկիրը եւ ինչ որ անոր մէջ է, ու ծովը եւ ինչ որ անոր մէջ է, թէ ա՛լ ժամանակ պիտի չըլլայ: (aiōn g165)
指着那創造天和天上之物,地和地上之物,海和海中之物,直活到永永遠遠的,起誓說:「不再有時日了。」 (aiōn g165)
7 Հապա՝ եօթներորդ հրեշտակին ձայնին օրերը, երբ սկսի փող հնչեցնել, Աստուծոյ խորհուրդը պիտի կատարուի, ինչպէս ինք աւետած էր իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն:
但在第七位天使吹號發聲的時候,上帝的奧祕就成全了,正如上帝所傳給他僕人眾先知的佳音。
8 Այն ձայնը՝ որ լսեր էի երկինքէն, դարձեալ խօսեցաւ ինծի եւ ըսաւ. «Գնա՛, ա՛ռ այն բաց գրքոյկը՝ որ ծովուն ու ցամաքին վրայ կայնող հրեշտակին ձեռքին մէջ է»:
我先前從天上所聽見的那聲音又吩咐我說:「你去,把那踏海踏地之天使手中展開的小書卷取過來。」
9 Ես ալ գացի հրեշտակին եւ ըսի անոր. «Տո՛ւր ինծի այդ գրքոյկը»: Ան ալ ըսաւ ինծի. «Ա՛ռ ասիկա ու լափէ՛. պիտի դառնացնէ փորդ, բայց մեղրի պէս անոյշ պիտի ըլլայ բերանիդ մէջ»:
我就走到天使那裏,對他說:「請你把小書卷給我。」他對我說:「你拿着吃盡了,便叫你肚子發苦,然而在你口中要甜如蜜。」
10 Առի գրքոյկը հրեշտակին ձեռքէն եւ լափեցի զայն: Մեղրի պէս անոյշ էր բերանիս մէջ, բայց երբ կերայ՝ փորս դառնացաւ:
我從天使手中把小書卷接過來,吃盡了,在我口中果然甜如蜜,吃了以後,肚子覺得發苦了。
11 Ան ալ ըսաւ ինծի. «Պէտք է որ դուն դարձեալ մարգարէանաս շատ ժողովուրդներու, ազգերու, լեզուներու եւ թագաւորներու մասին»:
天使對我說:「你必指着多民、多國、多方、多王再說預言。」

< ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 10 >