< ՂՈԻԿԱՍ 4 >

1 Յիսուս՝ Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ վերադարձաւ Յորդանանէն, ու Հոգիէն տարուեցաւ անապատը,
耶穌被聖靈充滿,從約旦河回來,聖靈將他引到曠野,
2 ուր քառասուն օր փորձուեցաւ Չարախօսէն: Այդ օրերը ոչինչ կերաւ. եւ այդ օրերուն լրանալէն ետք՝ անօթեցաւ:
四十天受魔鬼的試探。那些日子沒有吃甚麼;日子滿了,他就餓了。
3 Եւ Չարախօսը ըսաւ անոր. «Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ՛ այդ քարին՝ որ հաց ըլլայ»:
魔鬼對他說:「你若是上帝的兒子,可以吩咐這塊石頭變成食物。」
4 Յիսուս պատասխանեց անոր. «Գրուած է. “Միայն հացով չէ որ մարդը պիտի ապրի, հապա՝ Աստուծոյ ամէն խօսքով”»:
耶穌回答說:「經上記着說:『人活着不是單靠食物,乃是靠上帝口裏所出的一切話。』」
5 Չարախօսը՝ հանելով զայն բարձր լեռ մը՝ ցուցուց անոր երկրագունդին բոլոր թագաւորութիւնները վայրկեանի մը մէջ,
魔鬼又領他上了高山,霎時間把天下的萬國都指給他看,
6 ու Չարախօսը ըսաւ անոր. «Այս ամբողջ իշխանութիւնը եւ անոնց փառքը պիտի տամ քեզի. որովհետեւ ինծի յանձնուած է, ու որո՛ւն որ ուզեմ՝ կու տամ զայն:
對他說:「這一切權柄、榮華,我都要給你,因為這原是交付我的,我願意給誰就給誰。
7 Ուրեմն եթէ դուն իմ առջեւս իյնալով երկրպագես, բոլորը քուկդ պիտի ըլլան»:
你若在我面前下拜,這都要歸你。」
8 Յիսուս պատասխանեց անոր. «Գրուած է. “Տէրո՛ջ՝ քու Աստուծո՛յդ երկրպագէ, եւ միայն զի՛նք պաշտէ”»:
耶穌說:「經上記着說: 當拜主-你的上帝, 單要事奉他。」
9 Ապա տարաւ զայն Երուսաղէմ, կայնեցուց տաճարին աշտարակին վրայ, եւ ըսաւ անոր. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, վա՛ր նետէ քեզ ասկէ.
魔鬼又領他到耶路撒冷去,叫他站在殿頂上,對他說:「你若是上帝的兒子,可以從這裏跳下去;
10 որովհետեւ գրուած է. “Իր հրեշտակներուն պիտի հրահանգէ քեզի համար՝ որ պահեն քեզ,
因為經上記着說: 主要為你吩咐他的使者保護你;
11 եւ իրենց ձեռքերուն վրայ պիտի կրեն քեզ, որպէսզի քարի՛ մը չզարնես ոտքդ”»:
他們要用手托着你, 免得你的腳碰在石頭上。」
12 Յիսուս պատասխանեց անոր. «Ըսուած է. “Մի՛ փորձեր Տէրը՝ քու Աստուածդ”»:
耶穌對他說:「經上說:『不可試探主-你的上帝。』」
13 Երբ Չարախօսը լմնցուց ամբողջ փորձութիւնը, ատեն մը հեռացաւ անկէ:
魔鬼用完了各樣的試探,就暫時離開耶穌。
14 Յիսուս Հոգիին զօրութեամբ վերադարձաւ Գալիլեա, եւ անոր համբաւը տարածուեցաւ այդ գաւառին ամբողջ շրջակայքը:
耶穌滿有聖靈的能力,回到加利利;他的名聲就傳遍了四方。
15 Ինք կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ, ու կը փառաւորուէր բոլորէն:
他在各會堂裏教訓人,眾人都稱讚他。
16 Երբ եկաւ Նազարէթ, ուր ինք մեծցած էր, իր սովորութեան համաձայն Շաբաթ օրը մտաւ ժողովարանը, ու կանգնեցաւ որ կարդայ:
耶穌來到拿撒勒,就是他長大的地方。在安息日,照他平常的規矩進了會堂,站起來要念聖經。
17 Տուին անոր Եսայի մարգարէին գիրքը: Երբ բացաւ գիրքը, գտաւ այն տեղը՝ ուր գրուած էր.
有人把先知以賽亞的書交給他,他就打開,找到一處寫着說:
18 «Տէրոջ Հոգին իմ վրաս է. որովհետեւ օծեց զիս աղքատներուն աւետարանելու, ղրկեց զիս կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու,
主的靈在我身上, 因為他用膏膏我, 叫我傳福音給貧窮的人; 差遣我報告: 被擄的得釋放, 瞎眼的得看見, 叫那受壓制的得自由,
19 գերիներուն՝ ազատ արձակում եւ կոյրերուն տեսողութիւն յայտարարելու, հարստահարութիւն կրողները ազատ արձակելու, Տէրոջ բարեհաճութեան տարին յայտարարելու»:
報告上帝悅納人的禧年。
20 Յետոյ գոցեց գիրքը, տուաւ սպասաւորին, ու նստաւ: Բոլոր ժողովարանը եղողները իրենց աչքերը սեւեռած էին անոր վրայ:
於是把書捲起來,交還執事,就坐下。會堂裏的人都定睛看他。
21 Ուստի սկսաւ ըսել անոնց. «Այսօր այս գրուածը իրագործուեցաւ, ու ձեր ականջները լսեցին»:
耶穌對他們說:「今天這經應驗在你們耳中了。」
22 Բոլորը կը վկայէին անոր մասին, կը զարմանային անոր բերանէն ելած շնորհալի խօսքերուն վրայ, եւ կ՚ըսէին. «Ասիկա Յովսէփի որդին չէ՞»:
眾人都稱讚他,並希奇他口中所出的恩言;又說:「這不是約瑟的兒子嗎?」
23 Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Իրաւ դուք ինծի պիտի ըսէք սա՛ առածը. “Բժի՛շկ, դուն քե՛զ բուժէ: Ո՜րչափ բաներ լսեցինք՝ որ Կափառնայումի մէջ կատարուեցան. հո՛ս ալ ըրէ՝ քո՛ւ բնագաւառիդ մէջ”»:
耶穌對他們說:「你們必引這俗語向我說:『醫生,你醫治自己吧!我們聽見你在迦百農所行的事,也當行在你自己家鄉裏』」;
24 Եւ շարունակեց. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛չ մէկ մարգարէ ընդունելի է իր բնագաւառին մէջ”:
又說:「我實在告訴你們,沒有先知在自己家鄉被人悅納的。
25 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Շատ այրիներ կային Իսրայէլի մէջ՝ Եղիայի օրերը, երբ երկինք գոցուեցաւ երեք տարի ու վեց ամիս, եւ մեծ սով եղաւ ամբողջ երկրին մէջ.
我對你們說實話,當以利亞的時候,天閉塞了三年零六個月,遍地有大饑荒,那時,以色列中有許多寡婦,
26 բայց Եղիա անոնցմէ ո՛չ մէկուն ղրկուեցաւ, հապա միայն Սիդոնացիներուն Սարեփթա քաղաքը բնակող այրի կնոջ մը:
以利亞並沒有奉差往她們一個人那裏去,只奉差往西頓的撒勒法一個寡婦那裏去。
27 Նաեւ շատ բորոտներ կային Իսրայէլի մէջ՝ Եղիսէ մարգարէին ատենը, եւ անոնցմէ ո՛չ մէկը մաքրուեցաւ, հապա միայն՝ Նէեման Ասորին”»:
先知以利沙的時候,以色列中有許多長大痲瘋的,但內中除了觜利亞國的乃縵,沒有一個得潔淨的。」
28 Ժողովարանին մէջ բոլորն ալ զայրոյթով լեցուեցան՝ երբ լսեցին այս խօսքերը.
會堂裏的人聽見這話,都怒氣滿胸,
29 ուստի կանգնելով՝ դուրս հանեցին զայն քաղաքէն, եւ տարին զայն մինչեւ այն լերան ցցուած ծայրը՝ որուն վրայ իրենց քաղաքը կառուցանուած էր, որպէսզի բարձր տեղէն վար նետեն զայն:
就起來攆他出城(他們的城造在山上);他們帶他到山崖,要把他推下去。
30 Բայց ինք՝ անոնց մէջէն անցնելով՝ գնաց:
他卻從他們中間直行,過去了。
31 Ապա իջաւ Գալիլեայի Կափառնայում քաղաքը, ու Շաբաթ օրերը կը սորվեցնէր անոնց:
耶穌下到迦百農,就是加利利的一座城,在安息日教訓眾人。
32 Կ՚ապշէին անոր ուսուցումին վրայ, որովհետեւ իշխանութեամբ էր անոր խօսքը:
他們很希奇他的教訓,因為他的話裏有權柄。
33 Ժողովարանին մէջ մարդ մը կար՝ որ անմաքուր դեւի ոգի ունէր, եւ բարձրաձայն աղաղակեց.
在會堂裏有一個人,被污鬼的精氣附着,大聲喊叫說:
34 «Թո՛ղ մեզ. դուն ի՞նչ ունիս մեզի հետ, Յիսո՛ւս Նազովրեցի. միթէ մեզ կորսնցնելո՞ւ եկար: Գիտեմ թէ ո՛վ ես՝ Աստուծոյ Սուրբը»:
「唉!拿撒勒的耶穌,我們與你有甚麼相干?你來滅我們嗎?我知道你是誰,乃是上帝的聖者。」
35 Յիսուս սաստեց զայն՝ ըսելով. «Պապանձէ՛ ու ելի՛ր ատկէ»: Դեւը գետին զարկաւ զայն՝ բոլորին մէջտեղ, ելաւ անկէ եւ չվնասեց անոր:
耶穌責備他說:「不要作聲,從這人身上出來吧!」鬼把那人摔倒在眾人中間,就出來了,卻也沒有害他。
36 Բոլորը այլայլած՝ իրարու հետ խօսակցելով կ՚ըսէին. «Այս ի՜նչ խօսք է, որ իշխանութեամբ եւ զօրութեամբ կը հրամայէ անմաքուր ոգիներուն, ու կ՚ելլեն»:
眾人都驚訝,彼此對問說:「這是甚麼道理呢?因為他用權柄能力吩咐污鬼,污鬼就出來。」
37 Եւ անոր համբաւը տարածուեցաւ շրջակայքին բոլորը տեղերը:
於是耶穌的名聲傳遍了周圍地方。
38 Ելլելով ժողովարանէն՝ մտաւ Սիմոնի տունը:
耶穌出了會堂,進了西門的家。西門的岳母害熱病甚重,有人為她求耶穌。
39 Սիմոնի զոքանչը կը տուայտէր սաստիկ տենդով, ու թախանձեցին իրեն՝ անոր համար:
耶穌站在她旁邊,斥責那熱病,熱就退了。她立刻起來服事他們。
40 Յիսուս կայնելով անոր քով՝ սաստեց տենդը, որ թողուց զայն: Ան ալ անմի՛ջապէս կանգնեցաւ, եւ անոնց կը սպասարկէր:
日落的時候,凡有病人的,不論害甚麼病,都帶到耶穌那裏。耶穌按手在他們各人身上,醫好他們。
41 Արեւին մայր մտած ատենը՝ բոլոր անոնք, որ զանազան ախտերով հիւանդներ ունէին, իրեն բերին զանոնք. ինք ալ անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ ձեռք դնելով՝ բուժեց զանոնք:
又有鬼從好些人身上出來,喊着說:「你是上帝的兒子。」耶穌斥責他們,不許他們說話,因為他們知道他是基督。
42 Շատերէն դեւե՛ր ալ դուրս կ՚ելլէին՝ աղաղակելով. «Դո՛ւն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին»: Բայց ինք կը սաստէր ու չէր թոյլատրեր անոնց՝ որ խօսին, որովհետեւ գիտէին թէ ինք Քրիստոսն է:
天亮的時候,耶穌出來,走到曠野地方。眾人去找他,到了他那裏,要留住他,不要他離開他們。
43 Երբ ցերեկ եղաւ, մեկնեցաւ ու գնաց ամայի տեղ մը. եւ բազմութիւնները կը փնտռէին զայն: Եկան անոր քով, ու կը բռնէին՝ որ չհեռանայ իրենցմէ:
但耶穌對他們說:「我也必須在別城傳上帝國的福音,因我奉差原是為此。」
44 Բայց ան ըսաւ իրենց. «Պէտք է որ ուրի՛շ քաղաքներու ալ աւետեմ Աստուծոյ թագաւորութիւնը, քանի որ ղրկուած եմ ա՛յս նպատակով»: Եւ կը քարոզէր Գալիլեայի ժողովարաններուն մէջ:
於是耶穌在加利利的各會堂傳道。

< ՂՈԻԿԱՍ 4 >