< ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 1 >

1 Աստուած, որ վաղուց՝ շատ անգամներ ու շատ կերպերով՝ խօսած էր հայրերուն մարգարէներով,
上帝既在古時藉着眾先知多次多方地曉諭列祖,
2 այս վերջին օրերը խօսեցաւ մեզի իր Որդիով, որ ժառանգորդ նշանակեց ամէն բանի եւ տիեզերքն ալ ստեղծեց անով: (aiōn g165)
就在這末世藉着他兒子曉諭我們;又早已立他為承受萬有的,也曾藉着他創造諸世界。 (aiōn g165)
3 Ան իր փառքին շողն է ու իր էութեան նկարագրութիւնը, եւ իր զօրութեան խօսքով հաստատ կը բռնէ ամէն բան: Ի՛նք էր որ՝ մաքրելէ ետք մեր մեղքերը՝ բազմեցաւ բարձրերը, Աստուծոյ մեծափառութեան աջ կողմը,
他是上帝榮耀所發的光輝,是上帝本體的真像,常用他權能的命令托住萬有。他洗淨了人的罪,就坐在高天至大者的右邊。
4 ա՜յնչափ գերադաս ըլլալով հրեշտակներէն, քանի որ անոնցմէ գերազանց անուն մը ժառանգեց:
他所承受的名,既比天使的名更尊貴,就遠超過天使。
5 Արդարեւ հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ երբեք. «Դուն իմ Որդիս ես, ա՛յսօր ծնայ քեզ»: Եւ դարձեալ. «Ես Հայր պիտի ըլլամ անոր, ան ալ Որդի պիտի ըլլայ ինծի»:
所有的天使,上帝從來對哪一個說: 你是我的兒子, 我今日生你? 又指着哪一個說: 我要作他的父, 他要作我的子?
6 Դարձեալ՝ երբ Անդրանիկը կը մտցնէ երկրագունդը՝ կ՚ըսէ. «Աստուծոյ բոլոր հրեշտակներն ալ թող երկրպագեն անոր»:
再者,上帝使長子到世上來的時候,就說: 上帝的使者都要拜他。
7 Նաեւ հրեշտակներուն մասին կ՚ըսէ. «Իր հրեշտակները հոգիներ կ՚ընէ, եւ իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց»:
論到使者,又說: 上帝以風為使者, 以火焰為僕役;
8 Իսկ Որդիին կ՚ըսէ. «Քու գահդ, ո՛վ Աստուած, կը կենայ դարէ դար՝՝. քու թագաւորութեանդ մականը ուղղամտութեան մական է: (aiōn g165)
論到子卻說: 上帝啊,你的寶座是永永遠遠的; 你的國權是正直的。 (aiōn g165)
9 Դուն սիրեցիր արդարութիւնը եւ ատեցիր անօրէնութիւնը. հետեւաբար, ո՛վ Աստուած, քու Աստուածդ օծեց քեզ ցնծութեան իւղով՝ ընկերակիցներէդ աւելի»:
你喜愛公義,恨惡罪惡; 所以上帝,就是你的上帝,用喜樂油膏你, 勝過膏你的同伴;
10 Նաեւ. «Տէ՛ր, դո՛ւն սկիզբէն դրիր երկրի հիմերը, ու քո՛ւ ձեռքերուդ գործն է երկինքը:
又說:主啊,你起初立了地的根基; 天也是你手所造的。
11 Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն կը մնաս. բոլորը պիտի մաշին հանդերձի պէս:
天地都要滅沒,你卻要長存。 天地都要像衣服漸漸舊了;
12 Պիտի ոլորես զանոնք ծածկոցի պէս, եւ պիտի փոխուին. իսկ դուն՝ միշտ նո՛յնն ես, ու քու տարիներդ պիտի չպակսին»:
你要將天地捲起來,像一件外衣, 天地就都改變了。 惟有你永不改變; 你的年數沒有窮盡。
13 Եւ հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ երբեք. «Բազմէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ որ քու թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ»:
所有的天使,上帝從來對哪一個說: 你坐在我的右邊, 等我使你仇敵作你的腳凳?
14 Միթէ անոնք բոլորը պաշտօն կատարող հոգիներ չե՞ն, ղրկուած սպասարկելու անոնց՝ որ պիտի ժառանգեն փրկութիւնը:
天使豈不都是服役的靈、奉差遣為那將要承受救恩的人效力嗎?

< ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 1 >