< ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13 >

1 Յարատեւեցէ՛ք եղբայրսիրութեան մէջ:
兄相愛之情應當常存。
2 Մի՛ մոռնաք հիւրասիրութիւնը, որովհետեւ ոմանք անով հրեշտակներ հիւրընկալեցին թաքուն կերպով:
不可妄了款待旅客,曾有人因此於不知不覺中款待了天使。
3 Յիշեցէ՛ք բանտարկեալները՝ որպէս թէ դո՛ւք ալ կապուած էք անոնց հետ, եւ չարչարուողները՝ որպէս թէ դո՛ւք ալ մարմինի մէջ էք:
你們應懷念被囚禁的人,好像與他們同被囚禁;應懷念受虐待的人,好像你們也親身受了一樣。
4 Ամուսնութիւնը թող պատուական համարուի բոլորէն, ու անկողինը՝ անարատ պահուի, քանի որ Աստուած պիտի դատէ պոռնկողներն ու շնացողները:
在各方面,婚姻應受尊重,床弟應是無玷的,因為淫亂和犯奸的人,天主必要裁判。
5 Ձեր վարուելակերպը թող ըլլայ առանց արծաթսիրութեան. բաւարարուեցէ՛ք ձեր ունեցածով, որովհետեւ ինք ըսաւ. «Բնա՛ւ պիտի չթողում քեզ, ո՛չ ալ պիտի լքեմ քեզ»:
待人接物不應愛錢;對現狀應知足,因為天主曾親自說過:『我決不離開你,也決不捨棄你。』
6 Հետեւաբար վստահութեա՛մբ ըսենք. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի պիտի չվախնամ. մարդը ի՞նչ պիտի ընէ ինծի»:
所以我們可放心大膽地說:『有上主保護我,我不畏懼;戈能對我怎樣﹖
7 Յիշեցէ՛ք ձեզ կառավարողները՝ որ Աստուծոյ խօսքը քարոզեցին ձեզի, եւ հետեւեցէ՛ք անոնց հաւատքին՝ զննելով անոնց վարքին աւարտը:
你們應該記念那些曾給你們講過天主的道理,作過你們領袖的人,默想他們的生死效法他們的信德。
8 Յիսուս Քրիստոս նոյնն է՝ երէկ, այսօր ու յաւիտեան: (aiōn g165)
耶穌基督昨天、今天,直到永遠,常是一樣。 (aiōn g165)
9 Մի՛ տարուիք բազմազան եւ օտարոտի ուսուցումներէ, քանի որ լաւ է որ սիրտը հաստատուի շնորհքո՛վ, եւ ո՛չ թէ կերակուրներով, որոնք օգտակար չեղան անոնց համաձայն ընթացողներուն:
不可因各種異端道理而偏離正道;最好以思報寵來堅固自己的心,而不要以食物;那靠食物而行的人,從未得到好處。
10 Մենք ունինք զոհասեղան մը, որմէ ուտելու իրաւունք չունին անոնք՝ որ կը ծառայեն խորանին.
我們有一座祭壇,那些在帳幕內行敬禮的人,沒有權利吃上面的祭物,
11 քանի որ բանակավայրէն դուրս կ՚այրուին մարմինները այն կենդանիներուն, որոնց արիւնը կը տարուի սրբարանը՝ քահանայապետին միջոցով, մեղքի քաւութեան համար:
因為那些祭牲的血,由大司祭帶到聖所內當作贖罪祭,祭牲的屍體卻應在營外焚燒盡;
12 Ուստի Յիսո՛ւս ալ չարչարուեցաւ դռնէն դուրս, որպէսզի իր արիւնով սրբացնէ ժողովուրդը:
因此耶穌得以自己的血聖化人民,在城門外受了苦難。
13 Ուրեմն երթա՛նք անոր՝ բանակավայրէն դուրս, կրելով իր նախատինքը.
所以我們應離開營幕,到衪那裏去,去分受衪的淩辱,
14 որովհետեւ մենք հոս չունինք մնայուն քաղաք, հապա կը փնտռենք գալիք քաղաքը:
因為我們在此沒有常存的城邑,而是尋求那將來的城邑。
15 Ուստի՝ անոր միջոցով ամէն ատեն գովաբանութեան զոհ մատուցանենք Աստուծոյ, այսինքն՝ իր անունը դաւանող շրթունքներուն պտուղը:
所以我們應藉著耶穌,時常給天主奉獻讚頌的祭獻,就是獻上我們嘴唇的佳果,頌揚衪的聖名。
16 Բայց մի՛ մոռնաք բարեգործութիւնն ու կարօտեալներուն հաղորդակցութիւնը, քանի որ այդպիսի՛ զոհեր հաճելի են Աստուծոյ:
至於慈善和施捨,也不可忘記,因為這樣的祭獻是天主所喜悅的。
17 Անսացէ՛ք ձեզ կառավարողներուն եւ ենթարկուեցէ՛ք անոնց, որովհետեւ անոնք կը հսկեն ձեր անձերուն վրայ՝ որոնց համար հաշիւ պիտի տան. որպէսզի ուրախութեա՛մբ ընեն այդ գործը, եւ ո՛չ թէ հառաչելով, քանի որ ատիկա օգտակար չէ ձեզի:
你們應信服並聽從你們的領袖,因為他們為了你們的靈魂,常醒寤不寐,好像要代你們交賬的人;你們要他們喜歡盡此職分,而不哀怨,因他們若有哀怨,為你們決無好處。
18 Աղօթեցէ՛ք մեզի համար, որովհետեւ համոզուած ենք թէ ունինք բարի խղճմտանք ու կ՚ուզենք ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ:
請為我們祈禱,因為我們確信,我們有一個純正的良心,願意在萬物一切事上舉止完善。
19 Բայց առաւելապէս կ՚աղաչե՛մ որ ընէք ատիկա, որպէսզի աւելի՛ շուտ վերադարձուիմ ձեզի:
我還懇切勸勉你們格外行祈禱,使我們快回到你們那裏。
20 Խաղաղութեան Աստուածը, որ մեռելներէն վեր հանեց մեր Տէրը՝ Յիսուսը - ոչխարներուն մեծ Հովիւը՝ յաւիտենական ուխտին արիւնով -, (aiōnios g166)
賜平安的天主曾由死者中領出了那位因永遠盟約的血,作群羊偉大司牧的我們的主耶穌, (aiōnios g166)
21 ամէն բարի գործի մէջ հաստատէ ձեզ՝ իր կամքը գործադրելու, ձեր մէջ իրագործելով իր առջեւ հաճելի եղածը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որուն փա՜ռք դարէ դար՝՝: Ամէն: (aiōn g165)
願衪成全你們行各種的善工,好承行衪的旨意;願天主在我們身上,藉著耶穌基督行衪眼中所喜悅的事! 光榮歸於衪,至於無窮之世,阿們。 (aiōn g165)
22 Կ՚աղաչե՛մ ձեզի, եղբայրնե՛ր, որ հանդուրժէք այս յորդորական խօսքիս, որովհետեւ համառօտաբար գրեցի ձեզի:
弟兄們,我勸你們容納這勸慰的話,因為我只是簡略地給你們寫了這封信。
23 Գիտցէ՛ք թէ մեր եղբայրը՝ Տիմոթէոս արձակուած է. եթէ շուտով գայ՝ անոր հետ պիտի տեսնեմ ձեզ:
你們要知道,你們的弟兄弟茂德已被釋放了;如果他來的快,我就同他一起來看你們。
24 Բարեւեցէ՛ք բոլոր ձեզ կառավարողներն ու բոլոր սուրբերը. կը բարեւեն ձեզ անոնք՝ որ Իտալիայէն են:
問候你們的首袖和眾聖徒! 意大利的弟兄問候你們。
25 Շնորհքը ձեր բոլորին հետ: Ամէն:
願恩寵與你們眾人同在!

< ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13 >