< ԵՐՐՈՐԴ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 1 >

1 Երէցը՝ սիրելի Գայիոսին, որ կը սիրեմ ճշմարտութեամբ: 2 Սիրելի՛ս, կ՚ըղձամ որ ամէն կերպով յաջողիս եւ առողջ ըլլաս, ինչպէս քու անձդ ալ յաջողութեան մէջ է: 3 Որովհետեւ մեծապէս ուրախացայ, երբ քանի մը եղբայրներ եկան ու վկայեցին քու ճշմարտութեանդ մասին, թէ կ՚ընթանաս ճշմարտութեամբ: 4 Ամենամեծ ուրախութիւնս է լսել՝ թէ իմ զաւակներս կ՚ընթանան ճշմարտութեամբ: 5 Սիրելի՛ս, դուն հաւատա՛րմաբար կ՚ընես՝ ինչ որ կ՚ընես եղբայրներուն եւ օտարականներուն. 6 անոնք վկայեցին քու սիրոյդ մասին եկեղեցիին առջեւ: Եթէ ուղարկես զանոնք աստուածահաճոյ կերպով՝ լա՛ւ կ՚ընես. 7 որովհետեւ անոնք մեկնեցան Աստուծոյ անունին համար՝ ոչինչ առնելով հեթանոսներէն: 8 Ուրեմն մենք պարտաւոր ենք ընդունիլ այդպիսիները, որպէսզի գործակից ըլլանք ճշմարտութեան: 9 Գրեցի եկեղեցիին. բայց Դիոտրեփէս, որ կ՚ուզէ անոնց մէջ առաջին ըլլալ, չ՚ընդունիր մեզ: 10 Ուստի եթէ գամ՝ պիտի մտաբերեմ անոր ըրած գործերը, քանի որ կը շաղակրատէ մեզի դէմ չար խօսքերով: Չի բաւարարուիր ասով, եւ ո՛չ միայն չ՚ընդունիր եղբայրները, հապա կ՚արգիլէ ու եկեղեցիէն կը վտարէ անոնք՝ որ կ՚ուզեն ընդունիլ: 11 Սիրելի՛ս, մի՛ նմանիր չարին, հապա՝ բարիին: Ա՛ն որ բարիք կ՚ընէ՝ Աստուծմէ է. բայց ա՛ն որ չարիք կ՚ընէ՝ տեսած չէ Աստուած: 12 Իսկ Դեմետրիոս բարի վկայուած է բոլորէն, նոյնինքն ճշմարտութենէն ալ: Մե՛նք ալ կը վկայենք, եւ դուք գիտէք թէ մեր վկայութիւնը ճշմարիտ է: 13 Գրելիք շատ բան ունէի, բայց չեմ ուզեր մելանով ու գրիչով գրել քեզի: 14 Սակայն կը յուսամ թէ շուտով պիտի տեսնեմ քեզ, եւ պիտի խօսինք դէմ առ դէմ: Խաղաղութի՜ւն քեզի: Բարեկամները կը բարեւեն քեզ. բարեւէ՛ մեր բարեկամները՝ իւրաքանչիւրը իր անունով:

< ԵՐՐՈՐԴ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 1 >