< ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2 >

1 Ուրեմն դո՛ւն, որդեա՛կս, զօրացի՛ր այն շնորհքով՝ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ է, 2 եւ ինչ որ լսեցիր ինձմէ շատ վկաներով՝ աւանդէ՛ հաւատարիմ մարդոց, որոնք ընդունակ ըլլան սորվեցնել նաեւ ուրիշներուն: 3 Չարչարա՛նք կրէ Յիսուս Քրիստոսի բարի զինուորի մը պէս: 4 Ո՛չ մէկ զինուորագրեալ կը կաշկանդուի այս կեանքին գործառնութիւններով, որպէսզի հաճեցնէ իր զօրավարը. 5 եւ մարզիկ մը պսակ չի ստանար, եթէ չմրցի օրինաւոր կերպով: 6 Աշխատող մշակը պէտք է առաջի՛նը ըլլայ՝ պտուղներէն բաժին ստանալու: 7 Հասկցի՛ր ինչ որ կ՚ըսեմ. Տէրը թող տայ քեզի ըմբռնում ամէն բանի մէջ: 8 Յիշէ՛ թէ Դաւիթի զարմէն եղող Յիսուս Քրիստոս՝ մեռելներէն յարութիւն առած է, համաձայն իմ քարոզած աւետարանիս, 9 որուն մէջ կը չարչարուիմ չարագործի մը պէս՝ մինչեւ անգամ կապերով. բայց Աստուծոյ խօսքը կապուած չէ: 10 Ուստի կը տոկամ ամէն բանի՝ ընտրեալներուն համար, որպէսզի անոնք ալ հասնին այն փրկութեան՝ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ է՝ յաւիտենական փառքով: (aiōnios g166) 11 Այս խօսքը վստահելի է. որովհետեւ եթէ մեռանք անոր հետ, պիտի ապրինք ալ անոր հետ. 12 եթէ տոկանք, պիտի թագաւորենք ալ անոր հետ: Եթէ ուրանանք զինք, ինք ալ պիտի ուրանայ մեզ. 13 եթէ հաւատարիմ չըլլանք՝ ինք հաւատարիմ կը մնայ, չի կրնար ուրանալ ինքզինք: 14 Յիշեցո՛ւր անոնց այս բաները, Տէրոջ առջեւ վկայելով որ բանակռիւ չընեն, ինչ որ պիտանի չէ, հապա միայն կը կործանէ լսողները: 15 Ջանա՛ դուն քեզ գնահատելի ցոյց տալ Աստուծոյ առջեւ, ըլլալով այնպիսի գործաւոր մը՝ որ պիտի չամչնայ, շիտակ բացատրելով ճշմարտութեան խօսքը: 16 Բայց հեռո՛ւ կեցիր սրբապիղծ ունայնաբանութիւններէն, քանի որ անոնք աւելի պիտի յառաջդիմեն ամբարշտութեան մէջ, 17 եւ անոնց խօսքը պիտի ճարակէ քաղցկեղի պէս: Ասոնցմէ՛ են Հիմենոս եւ Փիղետոս, 18 որոնք վրիպած են ճշմարտութենէն՝ ըսելով թէ մեռելներուն յարութիւնը արդէն եղած է, եւ կը կործանեն ոմանց հաւատքը: 19 Սակայն Աստուծոյ հիմը ամուր կը կենայ եւ ունի սա՛ կնիքը. “Տէրը կը ճանչնայ անոնք որ իրն են”, նաեւ. “Ո՛վ որ կ՛արտասանէ Քրիստոսի անունը՝ թող հեռանայ անիրաւութենէ”: 20 Մեծ տան մը մէջ կան ո՛չ միայն ոսկիէ ու արծաթէ անօթներ, այլ նաեւ փայտէ եւ հողէ անօթներ: Ոմանք պատիւի համար են, ու ոմանք՝ անպատուութեան համար: 21 Ուստի եթէ մէկը մաքրէ ինքզինք ասոնցմէ, պիտի ըլլայ պատիւի անօթ մը՝ սրբացած եւ պիտանի իր Տէրոջ, պատրաստուած ամէն բարի գործի համար: 22 Փախի՛ր նաեւ երիտասարդական ցանկութիւններէն, ու հետամո՛ւտ եղիր արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան, անո՛նց հետ՝ որ կը կանչեն Տէրոջ անունը մաքուր սիրտով: 23 Բայց հրաժարէ՛ յիմար եւ անիմաստ վէճերէն, գիտնալով որ կռիւներ կը ծնին անոնցմէ: 24 Տէրոջ ծառան պէտք չէ կռուի, հապա՝ ըլլայ հեզահամբոյր բոլորին հանդէպ, սորվեցնելու ընդունակ, անոխակալ, 25 ընդդիմացողները հեզութեամբ կրթող, որ թերեւս Աստուած ապաշխարութիւն տայ անոնց՝ ճշմարտութիւնը գիտնալու համար, 26 ու սթափին Չարախօսին թակարդէն, որմէ բռնուած են՝ անոր կամքին ծառայելու:

< ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2 >