< ԵՐԿՐՈՐԴ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 1 >

1 Երէցը՝ ընտրեալ տիկնոջ եւ անոր զաւակներուն, որ կը սիրեմ ճշմարտութեամբ, (ո՛չ միայն ես, այլ նաեւ բոլոր անոնք՝ որ գիտցած են ճշմարտութիւնը, )
長老、書を選ばれたる婦人および其の子供に贈る。われ眞をもて汝らを愛す。啻に我のみならず、凡て眞理を知る者はみな汝らを愛す。
2 այն ճշմարտութեան համար՝ որ կը բնակի մեր մէջ ու յաւիտեան պիտի ըլլայ մեզի հետ. (aiōn g165)
これは我らの衷に止りて永遠に偕にあらんとする眞理に因りてなり。 (aiōn g165)
3 ձեզի հետ թող ըլլան շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն՝ Հայր Աստուծմէ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ, Հօրը Որդիէն, ճշմարտութեամբ եւ սիրով:
父なる神および父の子イエス・キリストより賜ふ恩惠と憐憫と平安とは、眞と愛との中にて我らと偕にあらん。
4 Մեծապէս ուրախացայ, գտնելով թէ զաւակներէդ ոմանք կ՚ընթանան ճշմարտութեամբ, այն պատուիրանին համաձայն՝ որ ստացանք Հօրմէն:
われ汝の子供のうちに、我らが父より誡命を受けし如く、眞理に循ひて歩む者あるを見て甚だ喜べり。
5 Հիմա կը թախանձեմ քեզի, տիկի՛ն, որ սիրենք զիրար. կը գրեմ քեզի ո՛չ թէ նոր պատուիրան մը, հապա ա՛ն՝ որ ունէինք սկիզբէն:
婦人よ、われ今なんぢに願ふは、我らが互に相 愛すべき事なり。これは新しき誡命を書き贈るにあらず、我らが初より有てる誡命なり。
6 Սէրը սա՛ է.- ընթանալ անոր պատուիրաններուն համաձայն: Եւ պատուիրանը սա՛ է.- ընթանալ սկիզբէն ի վեր ձեր լսածին համաձայն:
彼の誡命に循ひて歩むは即ち愛なり、汝らが初より聞きしごとく、愛に歩むは即ち誡命なり。
7 Արդարեւ աշխարհ մտած են շատ մոլորեցուցիչներ, որոնք չեն դաւանիր թէ Յիսուս Քրիստոս մարմինով եկաւ: Այսպիսին մոլորեցուցիչ ու նեռ է:
人を惑すもの多く世にいで、イエス・キリストの肉體にて來り給ひしことを言ひ表さず、かかる者は人を惑す者にして、非キリストなり。
8 Զգուշացէ՛ք դուք ձեզի համար, որ չկորսնցնենք մեր աշխատանքը, հապա ստանանք լման վարձատրութիւն:
なんぢら我らが働きし所を空しくせず、滿ち足れる報を得んために自ら心せよ。
9 Ո՛վ որ զանցառու կ՚ըլլայ եւ չի մնար Քրիստոսի ուսուցումին մէջ, չունի Աստուած: Իսկ ա՛ն որ կը կենայ Քրիստոսի ուսուցումին մէջ, ունի թէ՛ Հայրը, թէ՛ ալ Որդին:
凡そキリストの教に居らずして、之を越えゆく者は神を有たず、キリストの教にをる者は父と子とを有つなり。
10 Եթէ մէկը գայ ձեզի ու չբերէ այս ուսուցումը, մի՛ ընդունիք զայն ձեր տունը, եւ մի՛ բարեւէք.
人もし此の教を有たずして汝らに來らば、之を家に入るな、安かれと言ふな。
11 որովհետեւ ո՛վ որ բարեւէ զայն՝ կը հաղորդակցի անոր չար գործերուն:
之に安かれと言ふ者は、その惡しき行爲に與するなり。
12 Ձեզի գրելիք շատ բան ունէի, բայց չուզեցի գրել թուղթով ու մելանով. քանի որ կը յուսամ գալ ձեզի եւ խօսիլ դէմ առ դէմ, որպէսզի մեր ուրախութիւնը լման ըլլայ:
我なほ汝らに書き贈ること多くあれど、紙と墨とにてするを好まず、我らの歡喜を充さんために汝 等にいたり、顏をあわせて語らんことを望む。
13 Ընտրեալ քրոջդ զաւակները կը բարեւեն քեզ:
選ばれたる汝の姉妹の子供、なんぢに安否を問ふ。

< ԵՐԿՐՈՐԴ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 1 >