< ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1 >

1 Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, ու Տիմոթէոս մեր եղբայրը, Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին եւ Աքայիայի մէջ եղող բոլոր սուրբերուն.
奉 神旨意作基督耶稣使徒的保罗和兄弟提摩太,写信给在哥林多 神的教会,并亚该亚遍处的众圣徒。
2 շնորհք ու խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէ:
愿恩惠、平安从 神我们的父和主耶稣基督归与你们!
3 Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, արգահատանքի Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը,
愿颂赞归与我们的主耶稣基督的父 神,就是发慈悲的父,赐各样安慰的 神。
4 որ կը մխիթարէ մեզ մեր ամբողջ տառապանքին մէջ, որպէսզի մենք կարենանք մխիթարել անոնք՝ որ որեւէ տառապանքի մէջ են, այն մխիթարութեամբ՝ որով մենք կը մխիթարուինք Աստուծմէ.
我们在一切患难中,他就安慰我们,叫我们能用 神所赐的安慰去安慰那遭各样患难的人。
5 որովհետեւ ինչպէս Քրիստոսի չարչարանքները կ՚առատանան մեր մէջ, նմանապէս մեր մխիթարութիւնն ալ կ՚առատանայ Քրիստոսի միջոցով:
我们既多受基督的苦楚,就靠基督多得安慰。
6 Եթէ տառապինք՝ ձեր մխիթարութեան եւ փրկութեան համար է, որ արդիւնաւոր կ՚ըլլայ՝ համբերելով այն նոյն չարչարանքներուն, որոնցմով մենք ալ կը չարչարուինք. ու եթէ մխիթարուինք՝ ձեր մխիթարութեան եւ փրկութեան համար է:
我们受患难呢,是为叫你们得安慰,得拯救;我们得安慰呢,也是为叫你们得安慰;这安慰能叫你们忍受我们所受的那样苦楚。
7 Մեր յոյսը հաստատուն է ձեր վրայ, որովհետեւ գիտենք թէ ինչպէս հաղորդակից էք մեր չարչարանքներուն, նոյնպէս ալ մխիթարութեան պիտի ըլլաք:
我们为你们所存的盼望是确定的,因为知道你们既是同受苦楚,也必同得安慰。
8 Որովհետեւ չենք ուզեր, եղբայրնե՛ր, որ անգիտանաք Ասիայի մէջ մեզի պատահած տառապանքը. չափէն աւելի ծանրաբեռնուեցանք, մեր կարողութենէն աւելի, ա՛յնքան՝ որ նոյնիսկ յուսահատեցանք կեանքէն:
弟兄们,我们不要你们不晓得,我们从前在亚细亚遭遇苦难,被压太重,力不能胜,甚至连活命的指望都绝了;
9 Բայց մահուան վճիռը ունէինք մեր վրայ, որպէսզի վստահինք ո՛չ թէ մենք մեզի, հապա Աստուծոյ՝ որ մեռելները կը յարուցանէ:
自己心里也断定是必死的,叫我们不靠自己,只靠叫死人复活的 神。
10 Ան այդպիսի մեծ մահէ մը ազատեց մեզ, ու կ՚ազատէ.
他曾救我们脱离那极大的死亡,现在仍要救我们,并且我们指望他将来还要救我们。
11 եւ կը յուսանք թէ ան տակաւին պիտի ազատէ: Դուք ալ կը գործակցիք՝ մեզի համար աղերսելով, որպէսզի շատեր շնորհակալ ըլլան մեր պատճառով՝ շատ անձերու աղօթքին միջոցով մեզի եղած շնորհին համար:
你们以祈祷帮助我们,好叫许多人为我们谢恩,就是为我们因许多人所得的恩。
12 Արդարեւ սա՛ է մեր պարծանքը՝ մեր խղճմտանքին վկայութիւնը, թէ մենք՝ պարզամտութեամբ եւ Աստուծոյ անկեղծութեամբ, ո՛չ թէ մարմնաւոր իմաստութեամբ՝ հապա Աստուծոյ շնորհքով վարուեցանք աշխարհի մէջ, եւ ա՛լ աւելի ձեզի հանդէպ:
我们所夸的是自己的良心,见证我们凭着 神的圣洁和诚实;在世为人不靠人的聪明,乃靠 神的恩惠,向你们更是这样。
13 Որովհետեւ ուրիշ բան չենք գրեր ձեզի, քան ինչ որ դուք կը կարդաք ու կը հասկնաք. եւ կը յուսամ թէ մինչեւ վախճանն ալ պիտի հասկնաք,
我们现在写给你们的话,并不外乎你们所念的、所认识的,我也盼望你们到底还是要认识;
14 ինչպէս նաեւ մասամբ հասկցաք մեզ, թէ մենք ձեր պարծանքն ենք, ինչպէս դուք ալ մերը՝ Տէր Յիսուսի օրը:
正如你们已经有几分认识我们,以我们夸口,好像我们在我们主耶稣的日子以你们夸口一样。
15 Այս վստահութեամբ կը փափաքէի նախ գալ ձեզի, որպէսզի դուք երկրորդ շնորհք մը ընդունիք,
我既然这样深信,就早有意到你们那里去,叫你们再得益处;
16 անցնիլ ձեզմէ դէպի Մակեդոնիա, եւ Մակեդոնիայէն դարձեալ գալ ձեզի, ու ձեզմէ ուղարկուած՝ երթալ Հրէաստան:
也要从你们那里经过,往马其顿去,再从马其顿回到你们那里,叫你们给我送行往犹太去。
17 Ուրեմն երբ այսպէս փափաքեցայ, միթէ թեթեւութեա՞մբ վարուեցայ. եւ կամ՝ ինչ որ ես կը ծրագրեմ, մարմնաւորապէ՞ս կը ծրագրեմ, որպէսզի իմ քովս «այո՛»ն՝ այո՛ ըլլայ, եւ «ո՛չ»ը՝ ո՛չ՝՝:
我有此意,岂是反复不定吗?我所起的意,岂是从情欲起的,叫我忽是忽非吗?
18 Սակայն Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզի հասած մեր խօսքը «այո՛» եւ «ո՛չ» չէր.
我指着信实的 神说,我们向你们所传的道,并没有是而又非的。
19 քանի որ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, որ քարոզուեցաւ ձեզի մեր միջոցով, (ինձմով, Սիղուանոսով ու Տիմոթէոսով, ) «այո՛» եւ «ո՛չ» չեղաւ, հապա իր մէջ եղաւ «այո՛»ն:
因为我和西拉并提摩太,在你们中间所传 神的儿子耶稣基督,总没有是而又非的,在他只有一是。
20 Արդարեւ Աստուծոյ բոլոր խոստումները՝ իր մէջ «այո՛» են, եւ իր մէջ «ամէ՛ն» են՝ Աստուծոյ փառքին համար մեր միջոցով:
神的应许,不论有多少,在基督都是是的。所以借着他也都是实在的,叫 神因我们得荣耀。
21 Ուրեմն ա՛ն որ հաստատեց մեզ Քրիստոսով՝ ձեզի հետ, եւ օծեց մեզ՝ Աստուա՛ծ է,
那在基督里坚固我们和你们,并且膏我们的就是 神。
22 որ նաեւ կնքեց մեզ ու տուաւ մեզի Հոգիին գրաւականը՝ մեր սիրտերուն մէջ:
他又用印印了我们,并赐圣灵在我们心里作凭据。
23 Բայց ես Աստուած վկայ կը կանչեմ իմ անձիս, թէ տակաւին Կորնթոս չեկայ՝ խնայելու համար ձեզի:
我呼吁 神给我的心作见证,我没有往哥林多去是为要宽容你们。
24 Ո՛չ թէ կը տիրենք ձեր հաւատքին վրայ, հապա գործակիցներ ենք ձեր ուրախութեան. որովհետեւ դուք հաւատքով կը կենաք:
我们并不是辖管你们的信心,乃是帮助你们的快乐,因为你们凭信才站立得住。

< ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1 >