< ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 4 >

1 Ուստի, քանի ունինք այս սպասարկութիւնը, ողորմութիւն գտած ըլլալով՝ չենք ձանձրանար.
我們既然蒙憐憫,受了這職分,就不喪膽,
2 հապա հրաժարեցանք ամօթալի ծածուկ բաներէն, խորամանկութեամբ չենք ընթանար եւ Աստուծոյ խօսքը չենք խարդախեր. այլ ճշմարտութիւնը բացայայտելով մենք մեզ կը յանձնարարենք ամէն մարդու խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ:
乃將那些暗昧可恥的事棄絕了;不行詭詐,不謬講上帝的道理,只將真理表明出來,好在上帝面前把自己薦與各人的良心。
3 Իսկ եթէ մեր աւետարանը ծածկուած է, կորսուածներո՛ւն համար ծածկուած է.
如果我們的福音蒙蔽,就是蒙蔽在滅亡的人身上。
4 որոնց մէջ այս աշխարհի աստուածը կուրցուց անհաւատներուն միտքերը, որպէսզի Քրիստոսի՝ Աստուծոյ պատկերին՝ փառքի աւետարանին լոյսը անոնց վրայ չշողայ: (aiōn g165)
此等不信之人被這世界的神弄瞎了心眼,不叫基督榮耀福音的光照着他們。基督本是上帝的像。 (aiōn g165)
5 Արդարեւ մենք մեզ չէ որ կը քարոզենք, հապա՝ Քրիստոս Յիսուս Տէրը, ու մեզ՝ ձեր ծառաները Յիսուսի համար.
我們原不是傳自己,乃是傳基督耶穌為主,並且自己因耶穌作你們的僕人。
6 որովհետեւ Աստուած, որ հրամայեց լոյսին՝ փայլիլ խաւարին մէջէն, ինք փայլեցաւ մեր սիրտերուն մէջ՝ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսի դէմքին վրայ:
那吩咐光從黑暗裏照出來的上帝,已經照在我們心裏,叫我們得知上帝榮耀的光顯在耶穌基督的面上。
7 Բայց մենք ունինք այս գանձը հողէ անօթներու մէջ, որպէսզի զօրութեան գերազանցութիւնը ըլլայ Աստուծմէ, եւ ո՛չ թէ մեզմէ:
我們有這寶貝放在瓦器裏,要顯明這莫大的能力是出於上帝,不是出於我們。
8 Ամէն կողմէ կը տառապինք, բայց տագնապած չենք. վարանումի մէջ ենք, բայց յուսահատած չենք.
我們四面受敵,卻不被困住;心裏作難,卻不致失望;
9 հալածուած ենք, բայց լքուած չենք. խորտակուած ենք, բայց կորսուած չենք:
遭逼迫,卻不被丟棄;打倒了,卻不致死亡。
10 Ամէն ատեն Յիսուսի մահը կը կրենք մեր մարմինին մէջ, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ յայտնաբերուի մեր մարմինին մէջ:
身上常帶着耶穌的死,使耶穌的生也顯明在我們身上。
11 Որովհետեւ մենք որ կ՚ապրինք՝ ամէն ատեն Յիսուսի համար մահուան կը մատնուինք, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ յայտնաբերուի մեր մահկանացու մարմինին մէջ:
因為我們這活着的人是常為耶穌被交於死地,使耶穌的生在我們這必死的身上顯明出來。
12 Ուստի՝ մահը կը ներգործէ մե՛ր մէջ, իսկ կեանքը՝ ձե՛ր մէջ:
這樣看來,死是在我們身上發動,生卻在你們身上發動。
13 Բայց հաւատքին նոյն հոգին ունինք, ինչպէս գրուած է. «Հաւատացի, ուստի խօսեցայ»: Մե՛նք ալ կը հաւատանք, ուստի կը խօսինք:
但我們既有信心,正如經上記着說:「我因信,所以如此說話。」我們也信,所以也說話。
14 Գիտենք թէ ա՛ն՝ որ յարուցանեց Տէր Յիսուսը, մե՛զ ալ պիտի յարուցանէ Յիսուսի միջոցով, եւ անոր պիտի ներկայացնէ՝ ձեզի հետ:
自己知道那叫主耶穌復活的,也必叫我們與耶穌一同復活,並且叫我們與你們一同站在他面前。
15 Որովհետեւ ամէն բան ձեզի համար է, որպէսզի այն շնորհքը՝ աւելցած շատերու շնորհակալութեամբ՝ ճոխանայ Աստուծոյ փառքին համար:
凡事都是為你們,好叫恩惠因人多越發加增,感謝格外顯多,以致榮耀歸與上帝。
16 Հետեւաբար չենք ձանձրանար. եւ թէպէտ մեր արտաքին մարդը կ՚ապականի, ներքին մարդը օրէ օր կը նորոգուի:
所以,我們不喪膽。外體雖然毀壞,內心卻一天新似一天。
17 Արդարեւ մեր թեթեւ, վայրկենական տառապանքը՝ մեզի համար կը պատրաստէ գերազանց ու յաւիտենական կշիռք ունեցող փառք մը. (aiōnios g166)
我們這至暫至輕的苦楚,要為我們成就極重無比、永遠的榮耀。 (aiōnios g166)
18 քանի որ մենք կը նայինք ո՛չ թէ տեսանելի բաներուն, հապա՝ անտեսանելիներուն. որովհետեւ տեսանելի բաները ժամանակաւոր են, իսկ անտեսանելիները՝ յաւիտենական: (aiōnios g166)
原來我們不是顧念所見的,乃是顧念所不見的;因為所見的是暫時的,所不見的是永遠的。 (aiōnios g166)

< ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 4 >