< ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 13 >

1 Այս երրորդ անգամն է որ կու գամ ձեզի. ամէն խօսք պիտի հաստատուի երկու կամ երեք վկաներու բերանով: 2 Նախապէս ըսի, ու երկրորդ անգամ կանխաւ կ՚ըսեմ (որպէս թէ ներկայ ըլլամ). թէպէտ հիմա բացակայ եմ, կը գրեմ առաջուան մեղանչողներուն եւ բոլոր միւսներուն, որ եթէ դարձեալ գամ՝ պիտի չխնայեմ. 3 որովհետեւ ապացոյց կը փնտռէք թէ Քրիստոս կը խօսի ինձմով: Ան տկար չէ ձեզի հանդէպ, հապա հզօր է ձեր մէջ. 4 քանի որ՝ թէպէտ խաչուեցաւ տկարութեամբ՝ կ՚ապրի Աստուծոյ զօրութեամբ. մե՛նք ալ տկար ենք անով, բայց պիտի ապրինք անոր հետ՝ Աստուծոյ զօրութեամբ, ձեզի սպասարկելու համար: 5 Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ՝ թէ հաւատքին մէ՛ջն էք. քննեցէ՛ք դուք ձեզ: Չէ՞ք գիտեր դուք ձեզմէ՝ թէ Յիսուս Քրիստոս ձեր մէջն է, եթէ խոտելի չըլլաք: 6 Բայց կը յուսամ թէ պիտի գիտնաք՝ թէ մենք խոտելի չենք: 7 Կ՚աղօթեմ Աստուծոյ՝ որ դուք ո՛չ մէկ չարիք ընէք. ո՛չ թէ՝ որպէսզի մենք գնահատելի երեւինք, հապա՝ որպէսզի դուք ընէք ինչ որ պարկեշտ է, թէեւ մենք խոտելի թուինք: 8 Որովհետեւ ճշմարտութեան դէմ ոչինչ կրնանք ընել, հապա՝ ճշմարտութեան համար: 9 Քանի որ կ՚ուրախանանք՝ երբ մենք տկար ենք, իսկ դուք՝ զօրաւոր էք. սա՛ կ՚ըղձանք նաեւ - ձեր կատարելութիւնը: 10 Ուստի կը գրեմ ձեզի այս բաները՝ բացակայ ըլլալով, որպէսզի երբ ներկայ ըլլամ՝ սաստկութեամբ չվարուիմ այն իրաւասութեան համեմատ, որ Տէրը տուաւ ինծի՝ շինելու, եւ ո՛չ թէ քանդելու համար: 11 Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ո՛ղջ եղէք: Կատարեա՛լ եղէք, լա՛ւ մխիթարուեցէք, միաբա՛ն եղէք, խաղաղութեա՛մբ ապրեցէք. եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ: 12 Բարեւեցէ՛ք զիրար սուրբ համբոյրով. 13 բոլոր սուրբերը կը բարեւեն ձեզ: 14 Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը ձեր բոլորին հետ: Ամէն:

< ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 13 >