< ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 6 >

1 Լուծի տակ եղող բոլոր ստրուկները թող արժանի համարեն իրենց տէրերը ամէն պատիւի, որպէսզի Աստուծոյ անունն ու վարդապետութիւնը չհայհոյուին:
凡在轭下作仆人的,当以自己主人配受十分的恭敬,免得 神的名和道理被人亵渎。
2 Իսկ անոնք որ հաւատացեալ տէրեր ունին՝ թող չարհամարհեն զանոնք՝ որովհետեւ եղբայրներ են. այլ մանաւանդ թող ծառայեն անոնց յօժարութեամբ, քանի բարերարութենէն օգտուողները հաւատացեալ են ու սիրելի: Սորվեցո՛ւր այս բաները եւ յորդորէ՛:
仆人有信道的主人,不可因为与他是弟兄就轻看他;更要加意服事他;因为得服事之益处的,是信道蒙爱的。 你要以此教训人,劝勉人。
3 Եթէ մէկը սորվեցնէ ուրիշ կերպով, ու չյարի մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ողջամիտ խօսքերուն եւ այն վարդապետութեան՝ որ համաձայն է բարեպաշտութեան,
若有人传异教,不服从我们主耶稣基督纯正的话与那合乎敬虔的道理,
4 այդպիսին հպարտացած է ու ոչինչ գիտէ, հապա վարակուած է վէճերու եւ բանակռիւներու ախտէն, որոնցմէ կը յառաջանան նախանձ, կռիւ, հայհոյութիւններ, չար ենթադրութիւններ,
他是自高自大,一无所知,专好问难,争辩言词,从此就生出嫉妒、纷争、毁谤、妄疑,
5 զրաբանութիւններ՝ միտքով ապականած ու ճշմարտութենէն զրկուած մարդոց, որ կը կարծեն թէ բարեպաշտութիւնը շահավաճառութիւն է. հեռացի՛ր այդպիսիներէն:
并那坏了心术、失丧真理之人的争竞。他们以敬虔为得利的门路。
6 Սակայն բարեպաշտութիւնը՝ ինքնաբաւութեամբ միասին՝ մեծ շահավաճառութիւն մըն է.
然而,敬虔加上知足的心便是大利了;
7 որովհետեւ ոչինչ բերինք աշխարհ, եւ բացայայտ է թէ ոչինչ կրնանք դուրս հանել անկէ.
因为我们没有带什么到世上来,也不能带什么去。
8 ուստի կերակուր ու հագնելիք ունենալով՝ բաւարարուինք անոնցմով:
只要有衣有食,就当知足。
9 Բայց անոնք որ կը փափաքին հարստանալ՝ կ՚իյնան փորձութեան եւ թակարդի, ու շատ անմիտ եւ վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք կ՚ընկղմեն մարդիկը աւերումի կամ կորուստի մէջ.
但那些想要发财的人,就陷在迷惑、落在网罗和许多无知有害的私欲里,叫人沉在败坏和灭亡中。
10 որովհետեւ բոլոր չարիքներուն արմատը՝ արծաթսիրութիւնն է, որուն բաղձալով՝ ոմանք մոլորեցան հաւատքէն եւ իրենք զիրենք խոցեցին շատ ցաւերով:
贪财是万恶之根。有人贪恋钱财,就被引诱离了真道,用许多愁苦把自己刺透了。
11 Բայց դո՛ւն, ո՛վ Աստուծոյ մարդ, փախի՛ր այս բաներէն, եւ հետամո՛ւտ եղիր արդարութեան, բարեպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան:
但你这属 神的人要逃避这些事,追求公义、敬虔、信心、爱心、忍耐、温柔。
12 Պայքարէ՛ հաւատքին բարի պայքարը, բռնէ՛ յաւիտենական կեանքը՝ որուն համար կանչուեցար եւ տուիր բարի դաւանութիւնը շատ վկաներու առջեւ: (aiōnios g166)
你要为真道打那美好的仗,持定永生。你为此被召,也在许多见证人面前,已经作了那美好的见证。 (aiōnios g166)
13 Կը պատուիրեմ քեզի՝ Աստուծոյ առջեւ, որ կեանք կու տայ բոլոր բաներուն, ու Քրիստոս Յիսուսի առջեւ, որ վկայեց բարի դաւանութիւնը Պոնտացի Պիղատոսի առջեւ,
我在叫万物生活的 神面前,并在向本丢·彼拉多作过那美好见证的基督耶稣面前嘱咐你:
14 որ պահես այս պատուէրը՝ ապրելով անբիծ, անարատ, մինչեւ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երեւումը:
要守这命令,毫不玷污,无可指责,直到我们的主耶稣基督显现。
15 Զայն իր ատենին ցոյց պիտի տայ Երանելին եւ միակ Հզօրը, Թագաւորներուն թագաւորն ու Տէրերուն տէրը:
到了日期,那可称颂、独有权能的万王之王、万主之主,
16 Միայն ի՛նք ունի անմահութիւն, եւ կը բնակի անմերձենալի լոյսի մէջ: Մարդոցմէ ո՛չ մէկը տեսեր է զինք, ո՛չ ալ կրնայ տեսնել: Իրե՛ն պատիւ ու զօրութիւն յաւիտեան: Ամէն: (aiōnios g166)
就是那独一不死、住在人不能靠近的光里,是人未曾看见、也是不能看见的,要将他显明出来。但愿尊贵和永远的权能都归给他。阿们! (aiōnios g166)
17 Պատուիրէ՛ այս աշխարհի մէջ հարուստ եղողներուն՝ որ մեծամիտ չըլլան, ո՛չ ալ յուսան անստոյգ հարստութեան, հապա՝ ապրող Աստուծոյ, որ ամէն բան կու տայ մեզի ճոխութեամբ՝ վայելելու համար: (aiōn g165)
你要嘱咐那些今世富足的人,不要自高,也不要倚靠无定的钱财;只要倚靠那厚赐百物给我们享受的 神。 (aiōn g165)
18 Բարիք թող գործեն, բարի գործերով թող հարստանան, առատաձեռն եւ ուրիշին կարիքներուն հաղորդակից ըլլան,
又要嘱咐他们行善,在好事上富足,甘心施舍,乐意供给人,
19 ապագային համար իրենք իրենց լաւ հիմ դնելով իբր պահեստ՝ որպէսզի բռնեն յաւիտենական կեանքը:
为自己积成美好的根基,预备将来,叫他们持定那真正的生命。
20 Ո՛վ Տիմոթէոս, պահէ՛ քեզի յանձնուած աւանդը, խուսափելով սրբապիղծ ունայնաբանութիւններէն ու սուտանուն գիտութեան հակադրութիւններէն.
提摩太啊,你要保守所托付你的,躲避世俗的虚谈和那敌真道、似是而非的学问。
21 ոմանք վրիպեցան հաւատքէն՝ դաւանելով զանոնք: Շնորհքը քեզի հետ: Ամէն:
已经有人自称有这学问,就偏离了真道。 愿恩惠常与你们同在!

< ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 6 >