< ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1 >

1 Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ մեր Փրկիչ Աստուծոյ եւ մեր յոյսը եղող Քրիստոս Յիսուսի՝՝ հրամանով,
奉我們救主上帝和我們的盼望基督耶穌之命,作基督耶穌使徒的保羅
2 Տիմոթէոսի՝ հաւատքով հարազատ զաւակիս. շնորհք, ողորմութիւն ու խաղաղութիւն Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, եւ Քրիստոս Յիսուսէ՝ մեր Տէրոջմէն:
寫信給那因信主作我真兒子的提摩太。願恩惠、憐憫、平安從父上帝和我們主基督耶穌歸與你!
3 Քեզի աղաչեցի որ Եփեսոս մնաս, երբ ես Մակեդոնիա կ՚երթայի, որպէսզի պատուիրես ոմանց՝ ուրիշ կերպով չսորվեցնել,
我往馬其頓去的時候,曾勸你仍住在以弗所,好囑咐那幾個人不可傳異教,
4 ո՛չ ալ ուշադրութիւն դարձնել առասպելներու եւ անվերջանալի ազգաբանութիւններու, որոնք կը պատճառեն վէճեր՝ փոխանակ Աստուծոյ հաճելի շինութեան, որ կ՚ըլլայ հաւատքով:
也不可聽從荒渺無憑的話語和無窮的家譜;這等事只生辯論,並不發明上帝在信上所立的章程。
5 Իսկ պատուէրին վախճանը սէրն է՝ բխած սուրբ սիրտէ, բարի խղճմտանքէ եւ անկեղծ հաւատքէ:
但命令的總歸就是愛;這愛是從清潔的心和無虧的良心,無偽的信心生出來的。
6 Ասոնցմէ վրիպելով՝ ոմանք խոտորեցան փուճ խօսքերու մէջ.
有人偏離這些,反去講虛浮的話,
7 կ՚ուզեն Օրէնքի վարդապետ ըլլալ, բայց չեն հասկնար ո՛չ ինչ որ կը խօսին, ո՛չ ալ այն բաները՝ որոնց վրայ կը պնդեն:
想要作教法師,卻不明白自己所講說的所論定的。
8 Սակայն գիտենք թէ Օրէնքը լաւ է, եթէ մէկը գործածէ զայն օրինաւոր կերպով,
我們知道律法原是好的,只要人用得合宜;
9 սա՛ գիտնալով թէ Օրէնքը տրուած է ո՛չ թէ արդարներուն համար, հապա՝ անօրէններուն եւ ըմբոստներուն, ամբարիշտներուն ու մեղաւորներուն, անսուրբերուն եւ սրբապիղծներուն, հայր զարնողներուն, մայր զարնողներուն, մարդասպաններուն,
因為律法不是為義人設立的,乃是為不法和不服的,不虔誠和犯罪的,不聖潔和戀世俗的,弒父母和殺人的,
10 պոռնկողներուն, արուագէտներուն, մարդ գողցողներուն, ստախօսներուն, երդմնազանցներուն, եւ ուրիշ որեւէ բանի համար՝ որ հակառակ է ողջամիտ վարդապետութեան,
行淫和親男色的,搶人口和說謊話的,並起假誓的,或是為別樣敵正道的事設立的。
11 համաձայն երանելի Աստուծոյ փառաւոր աւետարանին՝ որ վստահուեցաւ ինծի:
這是照着可稱頌之上帝交託我榮耀福音說的。
12 Շնորհապարտ եմ զիս զօրացնող Քրիստոս Յիսուսի՝ մեր Տէրոջ, քանի որ հաւատարիմ համարեց զիս ու դրաւ այս սպասարկութեան մէջ:
我感謝那給我力量的我們主基督耶穌,因他以我有忠心,派我服事他。
13 Նախապէս հայհոյիչ էի, հալածող եւ նախատող. բայց ողորմութիւն գտայ, որովհետեւ անգիտանալով ըրի՝ անհաւատութեան մէջ.
我從前是褻瀆上帝的,逼迫人的,侮慢人的;然而我還蒙了憐憫,因我是不信不明白的時候而做的。
14 եւ մեր Տէրոջ շնորհքը յորդեցաւ ինծի հանդէպ՝ հաւատքով ու սիրով, որ Քրիստոս Յիսուսով է:
並且我主的恩是格外豐盛,使我在基督耶穌裏有信心和愛心。
15 Սա՛ վստահելի եւ բոլորովին ընդունուելու արժանի խօսք մըն է, թէ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ՝ փրկելու մեղաւորները, որոնց գլխաւորը ես եմ:
「基督耶穌降世,為要拯救罪人。」這話是可信的,是十分可佩服的。在罪人中我是個罪魁。
16 Բայց ողորմութիւն գտայ սա՛ պատճառով, որ Յիսուս Քրիստոս նախ ի՛մ վրաս ցոյց տայ իր համբերատարութիւնը, տիպար ըլլալու անոնց որ պիտի հաւատային իրեն՝ յաւիտենական կեանքի համար: (aiōnios g166)
然而,我蒙了憐憫,是因耶穌基督要在我這罪魁身上顯明他一切的忍耐,給後來信他得永生的人作榜樣。 (aiōnios g166)
17 Ուրեմն յաւիտենական Թագաւորին՝ որ անեղծ եւ անտեսանելի է, միա՛կ Աստուծոյն՝ պատի՜ւ ու փա՜ռք դարէ դար՝՝: Ամէն: (aiōn g165)
但願尊貴、榮耀歸與那不能朽壞、不能看見、永世的君王、獨一的上帝,直到永永遠遠。阿們! (aiōn g165)
18 Սա՛ պատուէրը կ՚աւանդեմ քեզի, որդեա՛կս Տիմոթէոս, քեզի համար նախապէս եղած մարգարէութիւններուն համաձայն, որ անոնցմով մարտնչիս բարի մարտը,
我兒提摩太啊,我照從前指着你的預言,將這命令交託你,叫你因此可以打那美好的仗。
19 պահելով հաւատքն ու բարի խղճմտանքը, որ ոմանք վանեցին իրենցմէ եւ հաւատքի վերաբերեալ նաւակոծութիւն կրեցին:
常存信心和無虧的良心。有人丟棄良心,就在真道上如同船破壞了一般。
20 Ասոնցմէ են Հիմենոս եւ Աղեքսանդրոս, որ մատնեցի Սատանային՝ որպէսզի վարժուին չհայհոյել:
其中有許米乃和亞歷山大;我已經把他們交給撒但,使他們受責罰就不再謗瀆了。

< ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1 >